Հաւատքը՝ Աստուածատուր պարգեւ է. Գերյ. Գէորգ վարդ. Զապարեանի մտորումներէն
Գայթակղութիւններով, մարդասպանութիւններով, մանկապղծութիւններով, չարաշահումներով, ոտնձգութիւններով, կողոպուտներով, պատերազմներով, անիրաւութիւններով...խռովայոյզ ներկայ դարուն դիւրին չէ հաւատքը պահել:
Սուրբ Աւետարանը, սակայն, այս պատճառով անշրջանցելի ուղեցոյցը կը մնայ հաւատքը պահելու եւ աճեցնելու համար:
Յիսուսի համաձայն, հաւատքը անշեղ կերպ է ըմբռնելու մեր գոյութիւնն ու մեզ շրջապատող աշխարհը՝ լաւագոյնս արժէքաւորելու համար մարդկային իրադարձութիւնները, սէրը, աշխատանքը, յաջողութիւնը, ձախողանքը, հիւանդութիւնն ու մահը:
Հաւատքի զօրութենէն ոյժ կը ստանանք դիմակալելու կեանքն ու անոր յարակից հարցերը:
Առանց խուսափելու փոթորիկներէն, հաւատքը մեզի կ'օգնէ անվտանգ անցնելու տագնապալից եղանակներու ընդմէջէն:
-Հաւատքով շփում կը պահենք մեզի ճանապարհորդակից Աստուծոյ հետ՝ դէմ դնելու մեր առջեւ ցցուող դժուարութիւններուն. «Ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհի կատարածը» (Մատթէոս 28, 20), կ'ըսէ Յիսուս:
-Հաւատքը՝ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ընթանալու ուղղութիւն ցոյց տուող կողմնացոյց է, որ մեզի կ'ընձեռէ խաղաղութիւն, անդորրութիւն, յոյս եւ ապահովութիւն՝ հակառակ մեզ փոթորկող ամէն իրադրութեան:
-Հաւատքը՝ ապրելաոճ է, կեանքի նկատմամբ կեցուածք է, պատահարները ըմբռնելու կերպ է մեր գոյութիւնը իմաստաւորելու համար:
-Հաւատքը՝ Աստուածատուր պարգեւ է, որուն պահպանութեան եւ աճումին նպաստելու ենք:
Երկու նկատառումներ.
Առաջին, հաւատքը չի' կրնար վերապրիլ եթէ չսնանի աղօթքով, մտածականով, յանձնառութեամբ, կամաւոր աշխատանքով, մեր ժամանակէն բաժին մը յատկացնելով՝ ուրիշներուն օգտակար դառնալու համար:
Երկրորդ, մեր ունեցած հաւատքը փոխանցելու ենք ուրիշներուն, յատկապէս մեր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն...
Այս վերջին ժամանակներուն, ցաւ ի սիրտ կը նկատենք, որ հաւատքի իրական փոխանցում տեղի չէ ունեցած:
Զաւակներուն այլեւս չի' կատարուիր այս փոխանցումը՝ իրենց ծնողներէն կամ պապիկներէն ու մամիկներէն:
Ամէն կեանքի նման, հաւատքը կարիք ունի «փոխանցողներու»՝ գոյատեւելու համար: Ան կարիք ունի նպաստաւոր միջավայրի մը, որպէսզի աճի ու զարգանայ: Այս միջավայրը ընտանիքն է, մասնաւորապէս, եւ հասարակութիւնը կամ համայնքը՝ ընդհանրապէս:
Այսօր, հաւատքը փոխանցելու հարցը ա'յն է, թէ մեր երիտասարդներուն մէջ այդ հաւաքական յիշողութիւնն է, որ կը պակսի: Ասոր համար, մեր կրօնական, եկեղեցական եւ ծիսական մշակոյթէն անտեղեակ են անոնք:
Ժողովուրդի մը յիշողութիւնը չի' փոխանցուիր լոկ կրօնուսուցման դասընթացքներով, այլ նաեւ՝ հասարակական կեանքին, այլազան արարողութիւններուն, եւ հաւատացեալներու ժողովրդական միջոցառումներուն մասնակցութեամբ:
Ներկայի անհատապաշտութիւնը կը ձգտի խեղդելու եւ մեր հաւաքական յիշողութիւնը անհետացնելու:
Հաւատքը թանկագին պարգեւ մըն է. հետեւաբար,
Զայն պահպանելու ենք,
Զայն պաշտպանելու ենք,
Զայն սնուցանելու ենք,
Զայն փոխանցելու ենք.
Ու նկրտինք, որ այդ առաքինութիւնը բարի ազդեցութիւն ունենայ ամէնօրեայ մեր կեանքին վրայ:
Հ. Գ. Զ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ