«Ելէ'ք, բարձրացուցէ'ք ձեր գլուխը, որովհետեւ ձեր փրկութիւնը մօտ է». Գերյ. Գէորգ Ծ. վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Յիսուս՝ խարիսխը մեր փրկութեան
Կը փակուին էջերը 2022 տարեթիւին, ու կը բացուի հորիզոնը 2023 տարուան 365 օրերուն:
Տարիներն են, որ կ'անցնին, բայց ժամանակը կանգ չ'առներ երբեք. ու մենք դաժան կը գտնենք յաճախ այս մշտական փոփոխութիւնը մեր կեանքին մէջ:
Կը նախընտրենք ինքնախաբէութեամբ ձեւացնել, որ տարիք չենք առներ, չենք ծերանար, մեր երեսին կնճիռները չեն բազմանար, մեր ֆիզիքական կարողութիւնները չեն նուաղիր եւ մեր ոյժերը չենք կորսնցներ:
Սակայն, անողոք իրականութիւնը ա'յն է, որ տարիներն ու եղանակները իրարու կը յաջորդեն ու մենք յարափոփոխ վիճակի կ'ենթակուինք:
Մեր կեանքը նման է երկու անօթներէ կազմուած աւազի ժամացոյցին:
Վերի անօթի աւազը աստիճանաբար կը սահի ու կը թափի վարի անօթին մէջ՝ անկանգնելի, ու մեզի կ'իմացնէ, թէ այս տարուայ մեր կեանքի օրերու աւազը նուազ է քան՝ անցեալ տարուանը:
Սոյն անդարձ ժամանակը մեզի խորհրդածել կու տայ:
2023 տարին արդեօք մեզի ի՞նչ տեսակ նորութիւններ, անակնկալներ, նուաճումներ, յաջողութիւններ, ձախողանքներ կամ հրճուանքներ կը վերապահէ:
Մէկ կողմէ, կեանքը երթ մըն է դէպի յառաջ ու մենք ի վիճակի չենք ժամանակը կասեցնելու կամ ետ մղելու: Մեզի վիճակուած է անդիմադրելիօրէն յառաջանալ նոյնիսկ երբ խորտուբորտ է ճամբան:
Միւս կաղմէ, Նոր Տարին Աստուածատուր պարգեւ մըն է թանկագին, զոր պարտինք լաւագոյն կերպով օգտագործել:
Հաստատելով հանդերձ ժամանակին վաղանցուկ հանգամանքը, տարիներու թաւալումը կը բոցավառէ մեր յոյսը ապագային նկատմամբ եւ մեզի առիթ կ'ընծայէ խոկալու մեր հոգիներու փրկութեան մասին:
Ո'չ վախ... այլ՝ յո'յս է, որ կը ներշնչէ Յիսուս, երբ կ'ըսէ. «Նշաններ պիտի երեւնան արեւին, լուսինին եւ աստղերուն մէջ: Երկրի վրայ ազգերը պիտի խռովին՝ ծովի եւ ալիքներու ահեղ շառաչէն: Մարդիկ պիտի մարմրին...բայց դուք ելէ'ք, բարձրացուցէ'ք ձեր գլուխը, որովհետեւ ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկաս 21, 25-28):
Թզենիին առակը, որ իր արձակած ծիլերով կ'աւետէ ամառուայ եղանակին դարձը (Անդ, 21, 29-33), խորհրդանիշ է յոյսին եւ գրաւականը՝ Աստուծոյ պարգեւելիք նոր կեանքի իրականութեան:
Սուրբ Գիրքը մարգարէներուն միջոցով մեզ կը հրաւիրէ, որ ջանք թափենք մեր թմբիրէն արթննալու, զգաստանալու եւ պատրաստելու մեր սիրտը Աստուծոյ փրկարար շնորհքին՝ վերջ դնելով պատուիրանազանցութեան, կեղծաւորութեան, ատելութեան, չարախօսութեան, զրպարտութեան, նախանձին, ընչաքաղցութեան...
Տարիները կ'անցնին ու մենք կը ծերանանք:
Սակայն, ո'չ ոք իրապէս ծեր է քան ա'ն, որ կ'ապրի անյոյս ու կեանքէն ոչինչ կ'ակնկալեէ:
Այս Նոր Տարուան առթիւ, հրաւիրուած ենք մասնակցելու Աստուծոյ նոր ստեղծագործութեան, զոր կրնանք թարգմանել մերձաւորին յոյս ներշնչելով, մեր շուրջը հաճոյք պատճառելով, ներելով, խզուած յարաբերութիւնները վերահաստատելով, օգնութեան հասնելով եւ աւելի եղբայրական աշխարհ մը կերտելով:
Տօնական օրերը, բազմաթիւ յուսաբեկ մարդոց համար, այն շրջանն է, երբ աւելի կը զգան իրենց ցաւալի խեղճութինը, իրենց աղքատութիւնը, իրենց առանձնութիւնը: Քանի՜ քանի՜ տարեցներ պիտի չստանան այցելութիւն, ո'չ իսկ նուէր, եւ ո'չ ալ շնորհաւորական գիրեր:
Հետզհետէ կը բազմանան տնազուրկները, աղբանոցներուն մէջ ուտելիք փնտռողները, առանձնութենէ տառապող ու մահացող տարեցները, թմրեցուցիչի, արբեցութեան եւ բախտախաղի զոհ երիտասարդներն ու տարիքաւորները:
Նման մարդիկ կարիքն ունին մեր յուսադրիչ ուշադրութեան եւ օգնութեան:
2023 տարին մեզ կը հրաւիրէ բանալու մեր աչքերն ու սրտերը, մեր յոյսը սփռելու եւ բաշխելու մեր յուսակտուր եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ անոնց կրկնելով սա մշտնջենի պատգամը Յիսուսի. «Ելէ'ք, բարձրացուցէ'ք ձեր գլուխը, որովհետեւ ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկաս 21, 28):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ