Որոնել

Լիբանանի մէջ դպրոցէ առնուած լուսանկար Լիբանանի մէջ դպրոցէ առնուած լուսանկար 

Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկ. «Գործել անմիջապէս փրկելու համար Լիբանանին մէջ կաթողիկէ դպրոցները»։

Պէյրութի մէջ աւելի քան 50 կաթողիկէ դպրոցներ քանդուած են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի պատճառով եւ կան աւելի քան 2 միլիոն Սուրիացի գաղթականներու զաւակներ որոնք զրկուած են դպրոցական կրթութենէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» միջազգային բարեսիրական հիմնարկը գումարած է առցանց ժողով մը, նուիրուած Լիբանանի մէջ աւելի քան 320 կաթողիկէ դպրոցներուն ողբերգութեան, որ յառաջացած է տնտեսական տագնապէն եւ թերվարձատրուող ուսուցիչներու իրենց պաշտօնի հրաժարումէն։

Լիբանանի մէջ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար, հայր Նասրիի տուեալներու համաձայն դպրոցներու պիւտճէի 40 առ հարիւրը յատկացուած են ելեկտրականութեան ծախսերուն եւ դպրոցական ընթացիկ տարուան առաջին ամիսներուն, ուսուցիչներու 20 տոկոսը հրաժարած են իրենց պաշտօնէն՝ թերվարձատրութեան պատճառով։

Հայր Նասեր յայտնեց, թէ Պէյրութի մէջ աւելի քան 50 կաթողիկէ դպրոցներ քանդուած  են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի պատճառով եւ կան աւելի քան 2 միլիոն Սուրիացի գաղթականներու զաւակներ, որոնք զրկուած են դպրոցական կրթութենէն։

Դպրոցական գետնի վրայ այս տխուր շրջագիծէն ներս, Լիբանանի եւ Սուրիոյ ծրագիրներու, Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն միջազգային կազմակերպութեան պատասխանատու, Խաւիէր Սթէփեն Պիզիթս հաղորդեց նախահաշիւը՝ Լիբանանին մէջ դպրոցական տարեշրջանը ապահովելու համար։ Անոր համաձայն կարիքը կայ մէկ միլիոն տոլարի՝ ուսուցիչներու ամսականներուն համար, 700 հազար տոլարի՝ աշակերտներուն ընտանիքներուն օգնելու համար, որոնք անկարող են վճարել դպրոցական ծախսերը, ինչպէս նաեւ 200 հազար տոլար գիրքերը հայթայթելու։

Լիբանանի մէջ Պէյրութի Besançon կաթողիկէ դպրոցի տնօրէնուհի, քոյր Միրնա Ֆարահ Վատիկան նիուզի ֆրանսական բաժանմունքին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Լիբանանի մէջ դպրոցներու իրավիճակին յայտնեց թէ Լիբանանի մէջ դպրոցական գետնի վրայ կը տիրէ տխուր իրավիճակ, որովհետեւ բազմաթիւ ընտանիքներ դուրս հանած են իրենց զաւակները պետական դպրոցներէն, Լիբանանեան դրամի արժեզրկման հետեւանքով ուսուցիչներու գործադուլի պատճառաւ ։

Պատասխանելով, թէ այս տխուր կացութեան մէջ ի՞նչ կ՝ակնկալուի Պապէն եւ Վատիկանէն Քոյր ֆարես յայտնեց, թէ իրենք յոյժ գիտակից են դիւանագիտական գետնի վրայ, ոչ միայն Վատիկանի եւ Պապին թափած ճիքերուն, շնորհակալութիւն յայտնելով Պապին Լիբանանին օգնելու յանձնարարութեան համար, յոյս յայտնելով նաեւ, որ միջազգային ընտանիքը աջակցի լիբանանին ու անոր ժողովուրդին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2022, 11:33