Նախաձեռնութիւն նուիրուած Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսին մասին Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական նամակին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լրագրողներուն պաշտպան սուրբ, սուրբ ֆրանչեսքօ Տի Սալէսին մահուան 4-րդ դարաշրջանին առիթով, չորեքշաբթի, 28 յունուարին, Իտալիոյ Փատովա քաղաքին Սուրբ Անտոն տաճարին կից գտնուող սրահէն ներս տեղի ունեցաւ գիտաժողով, նախաձեռնութեամբ Իտալական մամուլի կաթողիկէ միութեան։
Գիտաժողովին նիւթը եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսին նուիրած «Ամէն ինչ կը պատկանի սիրոյ» խորագիրով առաքելական թուղթը։
Նախաձեռնութեան մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ տիար Փաուլօ Ռուֆինի ինչպէս նաեւ Քոմպոնիան միաբանութեան անդամ, լրագրող Հայր Ժուլիօ Ալպանէզէ։
Յայտնենք, թէ վերոնշեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փատովա քաղաքին մէջ որովհետեւ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսը 1588 եւ 1592 տարիներուն, աստուածաբանական ուսումները աւարտած էր Փատովայի համալսարանէն ներս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ