Որոնել

Immacolata-Concezione-della-Beata-Vergine-Maria1.jpg

Անարատ Յղութեան Տօնը

Ս. Աստուածածնայ շարականէն։ «Անդադար երգով կը մեծարենք քեզ, ով Աստուածածին եւ Սրբուհի որ Բանն Աստուածը անսերմն յղութեամբ արգանդիդ մէջ կրեցիր։ Քեզմով դատապարտութեան կնիքը քակուեցաւ, քեզմով կանգնեցաւ գլորած մեղապարտ մայրը, անոր համար քեզ անդադար երգով կը մեծարենք»։

Հայ Եկեղեցին ուրիշ արեւելեան եկեղեցիներու նման, Աստուածածնայ Անարատ Յղութեան տօնը կը յիշատակէ 9 դեկտեմբերին, մինչ լատինները` Ս. Աստուածածնայ յղութիւնը կը տօնեն դեկտեմբեր 8-ին։

Այս տօնը կը պանծացնէ Աստուածամայրը, որ ըստ Եկեղեցւոյ աստուածաբաններու մեծամասնութեան, չէր կրնար արատաւորուած ըլլալ սկզբնական մեղքէն, ուստի եւ իր յղութեան առաջին րոպէէն իսկ իր մօր` Աննայի արգանդին մէջ, ան անարատ եղաւ սկզբնական մեղքէն։

Անարատ Յղութեան Վարդապետութիւնը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ 8 դեկտեմբեր 1854-ին, Պիոս Թ-րդ Քահանայապետի օրով։ Լուրտի երեւումներէն՝ 4 տարի առաջ, ուր Մարիամ ինքզինք յայտնեց Պեռնատէթին, որպէս Անարատ Յղացեալ։

Աղախին Տիրոջ, նախասահմանուած՝ ըլլալու Աստուծոյ Որդիին Մայրը, չէր կրնար չունենալ սրբութեան լիութիւնը։ Արեւելեան Եկեղեցիները զինք կոչեցին Ամենասրբուհի։ Հայ Եկեղեցին դեռ աւելի կը շեշտէ այս սրբութիւնը կոչելով «ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐ» , «միայն օրհնեալ Սրբուհի», «Ամենասրբուհի»։

Կաթողիկէ Եկեղեցին 1845-ին իբր հաւատոյ վարդապետութիւն հռչակեց թէ Աստուածածնի յղութիւնը անարատ եղած է, բոլորովին ազատ ադամային սկզբնական մեղքէն։ 

Սակայն ի՞նչ օգտակարութիւն եւ նպաստ ունի Մարիամի անարատ յղութիւնը մարդկութեան. Գործնական կերպով ան որեւէ առաւելութիւն մը կը ներկայացնէ՞ մարդ արարածին համար։

Եթէ նկատի առնենք թէ Մարիամ մեզմէ մէկն է, ուստի մարդկային բնութիւն ունի եւ ամէն բանի մէջ` նման է մեզի, բացի  մեղքի բիծէն, այն ատեն կ՛ըմբռնենք թէ իր անարատութիւնը պատիւ է մարդկութեան, անով ան կը բարձրացնէ մարդ էակը, զայն աւելի եւս մօտեցնելու համար Աստուծոյ։

Իսկ պատիւէն աւելի, Անարատ Յղութիւնը Մարիամի` շնորհք է մարդկութեան համար. Արդարեւ ան կը դառնայ մեր առաջնորդը դէպի սրբութիւն, մեզի կ՛օգնէ հասնելու կատարելութեան եւ ազատուելու չարին ճիրաններէն։ Ան է կինը, որուն մասին կ՛ըսուի Ծննդոց Գրքին մէջ, թէ պիտի ճզմէ օձին գլուխը։ Ինքն է Նոր Եւան։

Նոր Եւայի շնորհքներով, մարդս պիտի վերստանայ դրախտային կեանքի իր նախնական անմեղութիւնը. Իր մարմնաւոր կեանքը պիտի շարունակուի այս ցաւերով լի աշխարհին մէջ, մինչեւ, որ օր մը իր վախճանին հասնի, սակայն իր հոգեւոր կեանքը պիտի դառնայ անարատ ու անբիծ, որպէսզի կարենայ ժառանգել յաւիտենական անապականութիւնը եւ յետագային, վերջին դատաստանի օրը, նաեւ մարմինը դարձնէ երջանկակից` երկնային դրախտին մէջ։

Մարիամ մեր բոլորիս պաշտպանն է, մեր օգնականն է, մեր թագուհին է, բայց ամէնէն աւելի մեր մայրն է. Ան մայրն է մեզմէ ամէն մէկուն, մայրն է Եկեղեցւոյ, բայց նաեւ մայրը բոլոր մարդկութեան։ Ան չի թողուր, որ իր զաւակները յաւիտենապէս կորսուին եւ ամէն միջոց ու հնարք կը խորհի մեզ հասցնելու այն երջանիկ կեանքին որ նախապէս սահմանուած էր մեզի, մեր ստեղծագործութեան առաջին օրէն իսկ։

Ուստի պատիւ ու մեծարանք պարտինք մեր երկնաւոր մօր, որուն երբեք պէտք չէ դադրինք աղօթելէ, որպէսզի պաշտպանէ մեզ այս աշխարհի վրայ ու բարեխօսէ մեզի համար որպէսզի առատօրէն ընդունինք իր Որդւոյն պարգեւած շնորհքները։

-----------------------------------------------------

Շնորհալիի Մարեմեան Տիտղոս

Անարատ տաճար, առագաստ լոյսի,

Մայր անհարսնացեալ, Աստուածածին միշտ կոյս.

Մարգարէները գուշակելով քեզ ցոյց տուին.

Ծառ կեանքի, մէջն աստուածատունկ դրախտին.

Մովսէս տեսաւ քեզ անկէզ` մորենիի մէջ,

Եւ սափոր ոսկի, լի մանանայով.

Գեդէոն` գեղմն քաղցր ցօղով լիք,

Սաղմոն տեսաւ քեզ աղբիւր կնքեալ,

Եսայի ծանոյց քեզ, Կոյս յղացեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2022, 08:00