Որոնել

stemmaAEM.jpg

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը հրապարակեց Ազրպէյճանի ոճիրը դատապարտող յայտարարութիւն

Յայտարարութիւնը կ՜աւարտի աղօթքով բարձրացած առ Ամենաբարին Աստուած «խնդելով խաղաղութիւն համայն աշխարհին ու յատկապէս Մայր հայրենիքին եւ Արցախին»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

«Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու դէմ գործած ոճիրը, որ է Ստեփանակերտ – Կորիս մայրուղիի փակումը»։ Այս կը կարդանք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարքութեան հրապարակած մէկ յայտարարութեան մէջ, ուր կը նշուի նաեւ թէ «Լաչինի միջանցքի փակումը կը հակասէ 2020 թուականի նոյեմբերի 9ին եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն»։

«Մեր կոչն է, որ կողմերը կատարեն իրենց ստանձնած պարտականութիւնները եւ անյապաղ ապահովեն կենսագործունէութիւնը Արցախի այս պահուն շրջափակման մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն» գրուած է միշտ հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան յայտարարութեան մէջ ու նաեւ կոչ ուղղուած է «Միջազգային հանրութեան, ՄԱԿ-ի գրասենեակին, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու եւ պատկան բոլոր մարմիններուն», որ «ապահովեն արցախահայութեան եւ մարդկային նուազագոյն իրաւունքներու վերականգնումը»։

Յայտարարութիւնը կ՜աւարտի աղօթքով բարձրացած առ Ամենաբարին Աստուած «խնդրելով խաղաղութիւն համայն աշխարհին ու յատկապէս Մայր հայրենիքին եւ Արցախին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2022, 08:31