Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ խաղաղութեան համար աղօթքի երեկոյ
Ռոպէր Աթարեան - Վատիկան
Սուրբ Ծննդեան տօնէն մի քանի օրեր առաջ, մինչ Եւրոպայի սրտին մէջ պատերազմը կը շարունակէ մահ, վախ եւ կործանում սերմանել, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան, Պարի քաղաքի Սուրբ Նիկողայոս Պազիլիքային մէջ, Սուրբը` որ կամուրջ կը հանդիսանայ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի եկեղեցիներուն միջեւ, տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եւ Պարի - Պիթոնթօ Արքեպիսկոպոսական թեմի նախաձեռնութեամբ։
Իտալիոյ եկեղեցին, միացած Ուքրանիայի եւ Ռուսաստանի քրիստոնեաներուն, այս առթիւ պիտի հայցէ խաղաղութեան պարգեւը։ Հսկումը կը նախագահէ Եպիսկոպոսական դասի նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին ի ներկայութեան քաղաքական ու քաղաքացիական ներկայացուցիչներու, տարբեր եկեղեցիներու պատուիրակներու ու նաեւ Պարի քաղաքի մէջ բնակութիւն հաստատած բիւզանդական ծէսի պատկան կաթողիկէ ուքրանացի հաւատացեալներու։
Հաղորդութեան պահ մը միասնաբար հայցելու պատերազմին ու սարսափին աւարտը` վեր բարձրացնելով խաղաղութեան աղաղակ մը, հայցերով Սուրբ Նիկողայոսին բարեխօսութիւնը եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը։
Աղօթքի հսկումի մասին արտայայտուելով տեղական եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ճուզեփփէ Սաթրիանօ նշե, թէ «խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է նախ եւ առաջ մենք մեզի քաւ լիցի ըսենք։ Որովհետեւ հրաժարեցանք խաղաղութեան կրթութիւն երաշխաւորելէ եւ կարծես խաղաղութիւնը այլեւս մեզ չէր հետաքրքրեր ու դիմեցինք անտարբերութեան։ Մենք պէտք է վերադառնանք կրթական հարթակին` ծրագրենք կրթական ուղիներ, կիսենք եւ որպէս օրակարգի առաջնահերթ նիւթ նկատենք խաղաղութիւնը» յարեց Ան այս ծիրէն ներս կարեւորելով նաեւ կրօններու դերակատարութիւնը, եւ ընդգծելով թէ այս առընչութեամբ շիտակ ուղին եղբայրութիւնն է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ