Որոնել

Յիսուսի ծնունդը քայարի մէջ Յիսուսի ծնունդը քայարի մէջ 

«Ուրախութեամբ Սպասենք Յիսուս Մանուկը« Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Յիսուսի ծննդեան 2022րդ տարեդարձին պատրաստուելով կը յիշենք, որ Ան այսօր եւ միշտ կը ծնի պզտիկ նշխարի երեւոյթին տակ՝ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ, որպէս զի իր ներկայութիւնը հաստատէ բոլորիս սրտերուն մէջ, եւ որ կենդանարար սնունդը է բոլոր հոգիներուն:
Ունկնդրէ լուրը

«Մի վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ պիտի աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ նաեւ ամբողջ ժողովուրդինը: Այսօր ձեզի փրկիչ մը ծնաւ որ օծեալ Տէրն է»:

Ահաւասիկ անգամ մը եւս կը մօտենանք տօնելու ծնունդը այն խոնարհ մանուկին, որ աշխարհի Փրկիչը պիտի ըլլայ:

Անոր ծնունդը մսուրի մէջ պիտի ըլլայ  արշալոյսը յաջորդական ծնունդներու`  նոր մարդուն, եղբայրութեան, համերաշխութեան ու խաղաղութեան բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ:

Այո, այս էր բարի լուրը, զոր հրեշտակի աւետիսը պիտի բերէ համայն մարդկութեան՝ 2022 տարիներ առաջ անվախ մանուկ մը ծնաւ, որպէսզի քաջութիւն շնորհէ բոլոր յոգնած եւ վախի մէջ գտնուող հոգիներուն ըսելով բոլորին թէ՝ «եկած եմ մսուրի մը մէջ ծնելու բանալու համար ձեզի Արքայութեան դռները»:

2022 տարիներ առաջ, տեղի ունեցած այս հրաշք ծնունդը, երրորդ հազարամեակին տակաւին չհասաւ իր նպատակին՝ որն է մարդկութեան փրկութիւնը, զայն ազատելու համար մեղքի ստրկութենէն: Ան կը կարօտի քրիստոնեաներուն անվերապահ եւ կենսունակ յանձնառումին, որով միասնականութեամբ պիտի աշխատին նորանոր ծնունդներ ապահովելու, որպէս զի մասնակցին փրկչագործութեան սիրոյ խորհուրդին: Աստուածորդիին ծնունդով՝ բոլոր հեզ հոգիները հրաւիրուած են համամարդկային սիրոյ:

Մարգարէները պատրաստեցին հին ուխտի ժողովուրդը գալիք Փրկիչին ծնունդ ընդունելու համար: Սակայն շատեր չհասկցան կամ չուզեցին հասկնալ անոր հիմնական իմաստը, որովհետեւ տարբեր ձեւով եւ տարբեր ոգիով փրկիչ մը կը փափաքէին ունենալ :

Յիսուս նախընտրեց խոնարհ մսուրը, իմաստը տալու իր առաքելութեան: Եկած է պարզ մարդոց նման խոնարհ կերպով ծնելու համար՝ շրջապատուած անասուններով. նախընտրելով մսուրը՝ շքեղ պալատներուն փոխարէն:

Անվախ ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, ուրկէ պիտի ծագէր խաղաղութեան պատգամը համայն ժողովուրդներուն:

Յիսուսի ծննդեան 2022րդ տարեդարձին պատրաստուելով կը յիշենք, որ  Ան այսօր եւ միշտ կը ծնի պզտիկ նշխարի  երեւոյթին տակ՝ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ, որպէս զի իր ներկայութիւնը հաստատէ բոլորիս սրտերուն մէջ, եւ որ կենդանարար սնունդը է բոլոր հոգիներուն: Յիսուս ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, ամենէն համեստ պայմաններուն մէջ ապրելով 33 տարի միայն: Սուրբ ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւնը, Անոր կեանքը եղաւ արտակարգօրէն հրաշալի եւ մարդկութեան համար ուղեցոյց մը՝ ճանչնալու ճշմարիտ Աստուածը:

Մեր հոգիին մէջ ամէն մարդ եւ ամէն ինչ տեղ ունի՝ տեղ ունին ապագայի մտահոգութիւնը , հարստութիւնը, հաճոյքը եւ յաջողութիւնը տեղ ունին նաեւ կիրքն ու ցանկութիւնը, նախանձն ու ատելութիւնը. բայց արդեօք տեղ ունի՞ խաղաղասէր Յիսուսը, այն փրկիչը որ եկաւ մասնաւոր կերպով իմ եւ քու հոգիդ փրկելու:

Թող մանուկ Յիսուսը, որ պիտի ծնի,  մեր զարթուցիչը դառնայ լսեցնելու բոլորիս իր ծննդեան պատգամը՝ որ է սէր, ճշմարտութիւն եւ զօրաւոր հաւատք :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2022, 08:00