Որոնել

Լուրտի Սրբավայրը Լուրտի Սրբավայրը 

Աւելի քան 25 երկիրներէ 250 կաթողիկէ լրագրողներ եւ մասնագէտներ Լուրտի մէջ

Օրերուն այս տարի իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ այս առթիւ պիտի յանձնէ նաեւ «Հայր Ժագ Համելին» անունին նուիրուած մրցանակը, այն ծերունի քահանան` որ վայրագ կերպով սպաննուեցաւ Սէն Էթիէն Տիւ Ռուվրէյ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցած ժամանակ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

25րդ տարին ըլլալով, Ֆրանսայի «Fédération des Médias Catholiques» լրատուամիջոցներու դաշնութիւնը, Լուրտի մէջ կազմակերպած է Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսին նուիրուած Օրերը` յառաջիկայ 2023-ի Յունուար ամսուայ 25էն մինչեւ 27ն։

«Համախմբելով աւելի քան քսան երկիրներէ ժամանած 250 քրիստոնեայ լրագրողներ և լրատուամիջոցներու մասնագէտներ, Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի Օրերը հիմնարար պահ մըն են, որ բոլորին թոյլ կու տան, Մարիամի բարեհոգի հայեացքին տակ՝ լիցքաւորելու մարտկոցները, կիսելու սեփական մասնագիտութիւնը և հարստացնելու մէկը միւսին» գրուած է այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ակնարկելով նաեւ «փոթորկալից ժամանակներուն», զոր կ՛ապրին լրատուամիջոցները։

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան, SIGNIS World-ի և այս տարի UCSI-ի կազմակերպութեան հետ բեղմնաւոր համագործակցութեան շնորհիւ Օրերը պիտի հիւրընկալէն համայն Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Հնդկաստանէն, Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն , Վիէթնամէն, Քենիայէն, Փղոսկրեայ Ափունքէն եւ այլ երկիրներէն լրագրողներ ու մասնագէտներ։

Օրերուն այս տարի իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ այս առթիւ պիտի յանձնէ նաեւ «Հայր Ժագ Համելին» անունին նուիրուած մրցանակը, այն ծերունի քահանան` որ վայրագ կերպով սպաննուեցաւ Սէն Էթիէն Տիւ Ռուվրէյ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցած ժամանակ։

Մրցանակը ճանաչում է լրագրողական աշխատանքի մը, որ մասնաւորապէս սատարած է աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ պիտի յանձնուի Հայր Համելի քրոջ Ռոզլին Համելի ներկայութեամբ։

Վերոնշեալ Օրերուն ներկայացումի մամլոյ ասուլիսը նախատեսուած է յառաջիկայ երկուշաբթի` 12 դեկտեմբերի կէսօրէն ետքը ժամը 3ին Ռատիօ Վատիկանի Մարքոնի անուան սրահին մէջ։

Օրերուն կարգախօսն է. «Ի՞նչպէս լսելի ըլլալ։ Կաթողիկէ մեծ ձայներ կը պատասխանեն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2022, 09:41