Գերապայծառ Մարթինելլի. «Բոլոր կրօնները կրնան աշխարհին օգնել աւելի մարդկային դառնալու»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հարաւային Արաբիոյ առաքելական փոխանորդութեան աթոռը, կաթողիկէ եկեղեցւոյ տարածքային իրաւասութիւն մըն է, որ կը ներառէ հետեւեալ երկիրները. Արաբական Միացեալ թագաւորութիւնները, Օմանն ու Եմէնը։
2 մայիս 2022էն, սկսեալ այդ աթոռի առաքելական փոխանորդն է՝ 63 տարեկան, գերապայծառ Փաուլօ Մարթինելլի, որ կը պատկանի Քափուչիններուն փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան եւ եղած էՄիլանօ քաղաքի երբեմնի օգնական եպիսկոպոսը։
Առաքելական փոխանորդութեան աթոռը միշտ յանձնուած է Քափուչիններու միաբանութեան
Արաբական Միացեալ Թագաւորութիւններու, «ՎԱՄ» լրատուական գրասենեակը հրապարակած է յօդուած մըն, որուն մէջ հաղորդած է գերապայծառ Մարթինելլի խօսքերը, անցեալ յուլիս ամիսէն սկսեալ ստանձնած առաքելական պաշտօնին մասին։
«Սկիզբը շատ զարմացած էի, սակայն վերջը հասկցայ, որ իմ ներկայութիւնս համահունչ է աւանդութեան. իրականութեան մէջ այս տարածքը երկար ժամանակունէ սկսեալ սպասարկուած է Քափուչիններուն փոքրիկ եղբայրներուն կողմէն։ Իմ նախորդս, գերապայծառ Փոլ Հինտերը եւս կը պատկանի Քափուչիններու միաբանութեան, որ մի քանի ամիսներ հոս պիտի մնայ ինծի օգնելու համար։ Շուրջ 70 քահանաները, որոնք ներկայ են ու կը ծառայեն այս տարածքէն ներս Քափուչիններու միաբանութեան կը պատկանին», ըսած է Գերապայծառ Մարթինելլի։
Առաքելական փոխանորդութեան առաջնորդ գերապայծառ Մարթինելլի նշած է, որ ինք Հարաւային Արաբիոյ մէջ շատ հանգիստ եւ ուրախ կը զգայ, որովհետեւ այդ տարածքը հարուստ է կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեամբ։
Այժմ ան կ՝այցելէ ինը ժողովրդապետութիւնները որոնք ծառայութիւն կը մատուցանեն շուրջ մէկ միլիոն գաղթական հաւատացեալներուն, որոնք կը բնակին տարբեր երկիրներու մէջ՝ մեծամասնութիւնը Արաբական Միացեալ թագաւորութեան մէջ։
Գերապայծառ Մարթինելլի նկատել տուած է, որ Ապու Տապիի մէջ տարբեր ցեղերու եւ մշակոյթներու պատկան անձերու ներկայութիւնն ու խառնուրդը կանոնական է։ Հոն հանդուրժողութեան եւ հիւրընկալութեան գաղափարը շատ ուժեղ եւ զգալի է նկատել տալով, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոս իր ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպած է Սուլթանին ու իր գրութիւններու մէջ շատ յստակ նշուած է որ ինք դրականօրէն տպաւորուած է մահմետական եղբայրներուն հետ հանդիպումէն։
Գերապայծառ Մարթիննելլի նկատել տուած է, որ այժմ իր փափաքն է ունկնդրել, սորվիլ եւ դիտարկել եւ շատ ժամանակի պէտք ունի ճանչնալու համար իր ապրած վայրը։ Սակայն ինք բարձր տպաւորուած է տեսնելով որ եկեղեցիները լեցուն են հաւատացեալներով, որոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են։
Կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը աւելի լաւ աշխարհը մը կառուցելու համար
Գերապայծառ Մարթիննելի ապա անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհար Ահմատ Թայեպ աւագ իմամին ստորագրութիւնները կրող եղբայրութեան մասին փաստաթուղթին նշեց, որ անիկա շատ հրաշալի փաստաթուղթ մըն է որ բազմաթիւ անգամ կարդացած է ու պարտականութիւնը կը զգայ զայն տարածելու եւ ճանչցնելու ։
Արդարեւ, Գերապայծառ Մարթինելլիին համաձայն, միջ կրօնական երկխօսութիւնը ոչ միայն վարդապետական հարց մըն է, այլ անիկա առիթ է իրար զիրաւ աւելի լաւ ճանչնալու եւ կառուցելու աւելի լաւ աշխարհ մը։
«Եղբայրութեան փաստաթուղթին գլխաւոր գաղափարը այն է, որ չէ կարելի Աստուծոյ անունով աջակցիլ բռնութեան։ Կրօնները, բոլոր կրօնները, կրնան աշխարհին օգնել աւելի մարդկային դառնալու»։ Ըսաւ Հարաւային Արաբիոյ առաքելական փոխանորդութեան առաջնորդը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ