Ֆրանսայի 11 բարձրաստիճան եկեղեցականներ կը հետաքննուին չարաշահումներու դէպքերու գործով
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Նոյեմբեր 7-ին՝ Լուրտի մէջ սեռական չարաշահումներու դէմ պայքարին նուիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի (CEF) նախագահ Գերապայծառ Մուլեն-Պոֆորը հրապարակաւ յայտարարեց, որ 11 եպիսկոպոսներ «ներգրաւուած են Երկրի արդարադատութեան կամ կանոնական արդարադատութեան առջև»:
Մամուլի ասուլիսը յաջորդած է նոյեմբերի 3-էն ի վեր Լուրտի մէջ CEF –ի աշնան լիագումար վեհաժողովին՝ մասնակցութեամբ ֆրանսացի 120 եպիսկոպոսներու։
Գերապայծառ Մուլեն-Պոֆորը ոչ բոլորի անունները յայտնելով, «քանի որ հետաքննութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է», անդրադարձած է յատկապէս կարդինալ Ժան-Փիեռ Ռիքարի դէպքին, որ 2001-2007 թուականներուն Ֆրանսայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահն էր և Պորտոյի երբեմնի եպիսկոպոսը։
Գերապայծառը նշած է, որ նոյեմբերի 6-ին կարդինալ Ռիքարը մամուլի հաղորդագրութիւն ուղարկած է, ուր ընդունած է, երեսունհինգ տարիներ առաջ պատահած. իր «դատապարտելի» վարքագիծը 14-ամեայ աղջկայ մը նկատմամբ, երբ ծխական քահանայ էր և բացատրած է իր խոստովանութեան պատճառները. «այսօր, երբ Ֆրանսայի եկեղեցին կ’ուզէ լսել զոհերուն և գործել ճշմարտութեան մէջ, որոշեցի այլևս չի թաքցնել իմ իրավիճակը և ինքզինքս յանձնել արդարադատութեանը ինչպէս հասարակական, այնպէս ալ Եկեղեցական մակարդակներով»:
Ֆրանչիսկոս Պապին արձագանքը
Վերջին օրերուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ ուղղած էր Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն՝ Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ, որտեղ խնդրած է «աչքերը յառած Քրիստոսի խաչին» չի յուսալքուելու այս փորձութիւններուն առջև:
Չարաշահումներու թեմային Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձած էր նաև Պահրէյն ճամբորդութեան աւարտին օդանաւի մէջ իրեն ուղեկցող լրագրողներու հետ հարցազրոյցի ժամանակ։ Նորին Սրբութիւնը վստահեցուցած է, որ Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս «կ’աշխատենք մեր ուժերու ներածին չափով» այս ողբերգութեան դիմակայելու համար, և նոյնիսկ եթէ «Եկեղեցւոյ մէջ կան մարդիկ, որոնք դեռ չեն կիսէր…» նման գործելակերպը և «կայ փոխզիջումի գայթակղութիւն», «բայց Եկեղեցւոյ կամքն է ամէն ինչ պարզաբանել» և «առաջ երթալ»՝ ամօթի «շնորհք» ունենալով, ըսած էր Սրբազան Պապը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ