«Յիսուս չհաւատաց Անոնց» Հայր Գէորգ եպիս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Ս. Յովհաննէս իր աւետարանին երկրորդ գլուխը կը սկսի Կանայի հարսանիքի հրաշքով: Ապա կը յիշէ Յիսուսի տաճար մուտքը եւ վաճառականները վռնտելու դէպքը: Ան սոյն գլուխը կը շարունակէ 23րդ համարին մէջ գրելով՝ «շատ մարդիկ անոր ըրած հրաշքները տեսնելով՝ հաւատացին անոր անուանը։ Բայց ինք՝ Յիսուս՝ իր անձը անոնց չէր վստահեր, վասն զի ինք կը ճանչնար ամէն մարդ» (Յովհ. 2:23-24)։
Աւետարանիչը յստակ կ'ընէ, որ մարդիկ Քրիստոսի կատարած հրաշքները տեսնելով, անոր կը հետեւէին: Ս. Յովհաննէս կ'աւելցնէ ըսելով՝ հետեւողները «հաւատացին անոր»: Սակայն, ան կը շարունակէ ըսելով, « Յիսուս՝ իր անձը անոնց չէր վստահեր, որովհետեւ կը ճանչնար ամէն մարդ»: Այս երկու համարներուն մէջ՝ Յիսուսի համար գրուած « չէր վստահէր» բառը, եւ մարդոց՝ «անոր հաւատացին» բառը, յունարէն բնագրին մէջ միեւնոյն բառն է: Այսինքն՝ թէեւ մարդիկ հաւատացին Յիսուսին, բայց Ան չհաւատաց անոնց:
Մարդիկ կը հետեւէին Քրիստոսի, որովհետեւ Ան հրաշքներ կը կատարէր: Անոնց միակ հետաքրքրութիւնը Անոր հրաշալի նշաններն էին: Յիսուս գիտէր, որ անոնք ունէին ժամանակաւոր Մեսիայի մը պատկերացումը իրենց մտքերուն մէջ՝ անցողակի փառքերու սպասումներով:
Այդ պատճառով Յիսուս չյայտնեց անոնց իր միտքն ու կամքը, ինչպէս ըրաւ իր մօտիկ աշակերտներուն հետ: Այն մարդիկը, որոնք հրաշքներու հիման վրայ հաւատացին Յիսուսի, Ան զանոնք չհաշուեց իր մտերիմներու շրջանակէն: Ոչ ալ անոնց հետ ազատօրէն զրոյց ըրաւ: Նոյնիսկ երկար ժամանակ չմնաց անոնց հետ: Այլ շուտով հեռացաւ այնտեղէն եւ գնաց Հրէաստանի միւս կողմերը եւ Գալիլեա:
Յիսուս գիտէ՝ լաւն ու վատը, արդարն ու մեղաւորը, եւ անոնց բոլոր գործերը. ոչ միայն անոնց երեւելի գործերը, այլեւ ներսիդին յօրինուած եւ թաքնուած ամենագաղտնի խորհուրդները:
Ի՞նչ էր Յիսուսի քարոզի թեման. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է» (Մտթ. 4:17): Ի՞նչ էր մարդոց ակնկալածը. երկրաւոր եւ անցողակի փառքեր առանց քարոզուած արքայութեան եւ ոչ լա անոր արքային:
Այս կէտը՝ այսինքն մարդոց մակերեսային հաւատքը, մղեց Յիսուսը, որ չհաւատայ անոնց:
Իրավիճակը նոյնն է այսօր եւս: Բոլոր անոնք, որոնք բարեպաշտութեան կերպարանք ունին, եւ իրենց բոլոր նպատակը երկրաւոր ժամանակաւոր ինչքեր է միայն, Յիսուս դարձեալ անոնց հետ պիտի չմտերմանայ եւ ոչ իսկ անոնց հետ պիտի մնայ: Օրինակի համար՝ ոմանք ինքնաշարժի մէջ խաչ կը կախեն, որպէսզի արկածներէ հեռու մնայ: Առաւօտ իրենց խանութներուն մէջ խունկ կը ծխեն, որպէս իրենց առեւտուրը օրհնուի: Սակայն այս բոլորին հետ, անոնք ոչ եկեղեցի կ'երթան եւ ոչ իսկ կ'աղօթեն: Այլեւ ոմանք նոյնիսկ եկեղեցի կ'երթան, իրենց փափաքներու իրականացում գտնելու համար, եւ ոչ թէ Աստուծոյ կամքը փնտռելու:
«Քրիստոս գիտէ ամէն մարդ»:
Քրիստոս կ'ուզէ բոլորին փրկութիւնը: Ան ամէն ինչ կը խոստանայ փրկութիւն փնտռողներուն համար: Սակայն առերես բարեպաշտութիւն ձեւացողներուն, Ան պիտի չճանչնայ: Այս իմաստով սուրբ հայրերէն մին ըսած է՝ « Եթէ պատրաստ չես Աստուծոյ կամքը կատարելու, ի զուր տեղ մի աղօթէր»: Ս. Եփրեմ ասորին կ'ըսէ՝ «Այս կեանքը մեզի տրուած է ապաշխարութեան համար, ունայն ցնորքներ հալածելով զայն մի վատներ»: Հոս հարկ է յիշել նաեւ Յիսուսի խօսքը, որ կ'ըսէ՝ «Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։ » (Մտթ. 6:33): Յիսուս նախ եւ առաջ կ'ուզէ հոգիներու փրկութիւնը: Ամէն ջանք եւ պայքար փրկութեան փափաքէ դուրս, ընդունայն է:
Կ'աւարտեմ սաղմոսերգուին բառերով՝ «Տիրոջմով ուրախացիր, քանզի Անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ փափաքները» (Սղմ. 37:4):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ