Որոնել

76203166_2189999481102066_8479915362580692992_nAEM.jpg

Նահատակ Տէր Յովսէփ Պետոյանի սպանութեան երրորդ տարելիցը

Այսօր կը յիշատակուի Նահատակ Տէր Յովսէփ Պետոյանի սպանութեան յիշատակը, եկէք չմոռնանք զինք ու չմոռնանք Սուրիան, եւ աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած խնդրելով անոր հոգւոյն համար յաւիտենական հանգիստ իսկ մեզի ու համայն աշխարհին համար, նա մանաւանդ Սուրիոյ համար, խաղաղութեան պարգեւը։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

“«Մօտիկ եմ Սուրիոյ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ հասարակութեան, որ համախմբուած է իր ժողովրդապետի՝ Յովսէփ Պետոյանի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւ, որ սպաննուեցաւ երէկ, իր հօր հետ միասին։ Կ՛աղօթեմ անոնց համար, անոնց հարազատներուն համար ու Սուրիոյ համայն քրիստոնեաներուն համար»։”

Այս եղած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին12 նոյեմբեր 2019ին Քահանայապետական Թուիթրեան կայքին վրայ կատարած գրառումը յիշելու եւ իր մօիկութիւնը արտայայտելու Սուրիոյ ու մանաւանդ Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան, որ մէկ օր առաջ` 11 նոյեմբեր 2019-ին, կորսնցուցած էր իր նուիրեալ հոգեւորականներէն մին, Տէր Յովսէփ Պետոյանը, որ վայրագ կերպով սպաննուեցաւ այդպէս կոչուած Իսլամական Պետութեան համակիրներէն, մինչ իր հօրը հետ միասին ինքնաշարժով կը գտնուէր Հասաքէն Տէյր ըզ Զոր միացնող ճանապարհին վրայ։ Տէր Պետրոսին եւ անոր հօր հետ կը ճամբորդէր  սարկաւագ Ֆատի Սանոն, որ հրաշքով փրկուեցաւ թէեւ ծանրապէս վիրաւորուեցաւ։

Տէր Յովսէփ Պետոյան, որ ամուսնացեալ քահանայ մըն էր թողեց կինը եւ երեք երեխաներ՝ որ այդ ժամանակ 21, 16 և 10 տարեկան էին, մէկ մանչ եւ երկու աղջիկներ։

Այսօր կը յիշատակուի այդ վայրագ սպանութեան երրորդ տարեդարձը եւ Սուրիան, սուրիացիները ու մասնաւորապէս սուրիահայերը տակաւին հանգիստ չեն գտած տասը տարիներէ աւելի տեւող ու շարունակուող պատերազմէն ետքը ու բնակչութեան մեծ մասը կ՛ապրի անորոշ վիճակի մը մէջ, յաճախ աղքատութեան սեմին, մինչ մանուկները կը մեծնան իրենց աչքին առջեւ ունենալով միայն աւերներ, կործանում, մահ ու սարսափ եւ տարեցները իրենց աչքերը կը փակեն առ յաւէտ, երկրի մը մէջ, որ մինչեւ մի քանի տարիներ առաջ համարած էին իրենց օճախը, եւ իրենց զաւակներուն ու թոռնիկներու ապագայի հայրենիքը։ Իսկ ծնողները կը շարունակեն իրենց ամենօրեայ պայքարը մղել, գէթ իրենց զաւակներուն առօրեայ հացը ապահովելու համար, յոյսով որ մթագնած արեւը, դարձեալ ծագի եւ պատերազմին ստուերը վերանայ, ու մարդիկ ապրին խաղաղ աշխարհի մը մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայր Յովսէփ Պետոյանի նահատակութեան ու անոր յուղարկաւորութեան առթիւ հրապարակած զօրակցական  թուիթին արձագանքելով՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ այդ ժամանակուայ Ճեզիրէի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելական հոգաբարձու՝ Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեան Վատիկան Նիուզ - Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի առթիւ նշած էր թէ «Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը իսկական մխիթարանք է մեզի համար։ Ան մեզի ուժ կու տայ, մեզի զգացնել կու տայ թէ միայնակ չենք։ Համայն Կաթողիկէ եկեղեցին մեր կողքին է։ Համայն աշխարհը մեզի մօտիկ է։ Այս հեռու տարածքը, սիրեցեալ եւ մարտիրոս Սուրիան, ինչպէս կ՛ըսէ Քահանայապետը, մոռցուած չէ»։

Այսօր կը յիշատակուի Նահատակ Տէր Յովսէփ Պետոյանի սպանութեան յիշատակը, եկէք չմոռնանք զինք ու չմոռնանք Սուրիան, եւ աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած խնդրելով անոր հոգւոյն համար յաւիտենական հանգիստ իսկ մեզի ու համայն աշխարհին համար, նա մանաւանդ Սուրիոյ համար, խաղաղութեան պարգեւը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2022, 10:22