«Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն» ձեռնարկը` վասն միութեան եւ խաղաղութեան։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» (ACS) քահանայապետական հիմնարկի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կը կազմակերպուի «Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՚աղօթեն» ձեռնարկը, որ տեղի կ՛ունենայ 18 հոկտեմբերին եւ որուն մասին անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին աշխարհիս հաւատացեալները հրաւիրելով միանալու այդ աղօթքին ուքրանիայի մարտիրոս ժողովուրդին համար ու նաեւ համայն աշխարհի մէջ պատերազմներու թիրախ բոլոր ժողովուրդներուն համար։
Խաղաղութիւն և միութիւն աշխարհի համար
«Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՚աղօթեն» ձեռնարկի նպատակն է խաղաղութիւն և միութիւն խնդրել աշխարհի համար և, միաժամանակ, խրախուսել երեխաներն ու երիտասարդները, կեանքի դժուար պահերու ընթացքին վստահելու Աստուծոյ», կը հաստատէ այս առթիւ Քահանայապետական հիմնարկի նախագահը, կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցան:
2005-ին ծնունդ առած նախաձեռնութիւն
«Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՚աղօթեն» նախաձեռնութիւնը ծնունդ առած է 2005-ին, Վենեզուելլայի մայրաքաղաք Քարաքասի սրբավայրին մէջ. մինչ՝ խումբ մը մանուկներ եւ կիներ միասին հաւաքուած աղօթք կը կատարէին, իրենց մէջ զգացին Տիրամօր ներկայութիւնը։ Աղօթքի մասնակցող կիներէն մին վերյիշեց Հայր Փիոյի խօսքերը- «եթէ մէկ միլիոն մանուկներ միասնաբար աղօթեն Վարդարանը՝ աշխարհը պիտի փոխուի»։ Այդ ժամանակէն ի վեր աղօթքի այդ արշաւը արագօրէն տարածուեցաւ և դարձաւ համաշխարհային երևոյթ։
Աստուածամօր բարեխօսութեամբ վստահիլ Աստուծոյ
«Մտահոգուած ըլլալով պատերազմի, բռնութեան և խոր աղքատութեան իրավիճակներով, որոնք կը շարունակեն տառապանքի ենթարկել երկիրներ` ինչպէս Ուկրանիան, Նիճերիան, Միանմարը, Փաքիստանը կամ Մերձաւոր Արևելքի և Ափրիկայի Սահէլի տարածաշրջանները, Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական հիմնարկը կը ցանկանայ բոլոր այս վայրերը, որտեղ մարդիկ չեն կարող ապրիլ խաղաղութեան մէջ, վստահիլ աստուածային Հօր զօրաւոր և սիրառատ ձեռքերուն՝ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ» կը կարդանք ձեռնարկին առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նաեւ նշուած է թէ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը ուղիղ եթերով պիտի սփռուի Ֆաթիմայի սրբավայրէն եւ անոր կարելի է հետեւիլ Հիմնարկի պաշտօնական կայքին միջոցաւ https://acs-italia.org/rosariobambini
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ