Որոնել

Ասսիզիի Ուխտի ճրագը

Սուրբ Ֆրանիչիսկոսի դամբարանին վերեւ զետեղուած ուխտի ճրագը, որ է միութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ երեքշաբթի, 4 հոկտեմբերին կը նշուի Իտալիոյ պաշտպան սուրբ, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին տօնը։ Արդարեւ՝ Իտալիոյ եւ համայն աշխարհի հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն միտքը կու գայ ու կը յիշեն
Սուրբ Ֆրանիչիսկոսի դամբարանին վերեւ զետեղուած ուխտի ճրագը, որ է միութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ։

Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ եւ ուխտի ճրագին յատուկ պատասխանատու, եղբայր Փիեթրօ Մարիանոյի տուած վկայութեան համաձայն, ուխտի ճրագը միշտ վառ կը մնայ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն, 1939 թուականին, Պիոս ԺԲ Պապը՝ Սուրբ Ֆրանիսկսոսը Իտալիոյ պաշտպան սուրբ Հռչակելէն յետոյ։

Սկզբնական շրջանին ուխտի ճրագի ձէթը նուիրուած էր Լացիօ մարզի բնակչութեան կողմէ ու աւանդութիւն դառնալով, ամէն տարի ճրագի իւղը կը նուիրուի՝ Իտալիոյ յատուկ մարզի բնակչութեան կողմէ։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի դամբարանին մուտքին զետեղուած Ուխտի ճրագը ծրագրուած ու մշակուած է, 1937ին Ուկօ Թարքի իտալացի ճարտարապետի կողմէ։ Ան զետեղուած է աշխարհը խորհրդանշող կէս շրջանակի վրայ, որուն կից գտնուող ձիթենիի ճիւղերով աղաւնիները կը ներկայացնեն համընդհանուր խաղաղութիւնը։
Իսկ Գաւաթին եզրին փորագրուած է Տանթէ Ալիկերիի Դրախտ երգէն քաղուած հատուած մը, «Դա ոչ մէկ բան է քան սեփական լոյսի շողը»։

Ուխտի ճրագը զետեղուած է առաստաղէն մէկ ու կէս մեթր բարձրութեան վրայ ըսաւ Եղբայր Մարիանօ որուն պարտականութիւնն է խնամք տանիլ ճրագի շրջանակին, մաքրելով ամէն օր անոր վրայ դիզուած փոշիները , մանաւանդ, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2022, 11:51