Որոնել

Յարուցեալ Յիսուսն ու առաքեալները։ Յարուցեալ Յիսուսն ու առաքեալները։ 

«Աստուծոյ Պաշտպանութեան Խոստումը». Հայր Գէորգ եպիս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Ապրիլ Աստուծոյ հովանիին տակ կը նշանակէ, ամէն ինչ կատարել Աստուծոյ կամքին համաձայն: Երբ «ամէն ինչ» ըսենք, կը նշանակէ ԱՄԵՆ ԻՆՉ: Աստուծոյ պատուիրաններու հնազանդիլը ընտրովի չըլլար: Այլ ամէն բանի մէջ պէտք է հսկել, որ իր կամքը կատարուի:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Կարգ մը եկեղեցիներու մէջ 91րդ Սաղմոսը յուղարկաւորութեան ժամանակ կ'ընթերցուի: Սաղմոսը կ'աւարտի Աստուածաշնչի ամենահզօր խոստումներէն մէկով, երբ Տէրը կ'ըսէ՝
«Երկար օրերով պիտի կշտացնեմ զանիկա, ու իմ փրկութիւնս անոր պիտի ցուցնեմ»։

Սոյն Սաղմոսի ամենակարեւոր համարն է այս, որովհետեւ հոն կը գտնենք Աստուծոյ սիրոյ եւ պաշտպանութեան երաշխիքը՝ փրկութիւնը: Ի վերջոյ, աւելի զօրեղ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, քան Աստուծոյ փրկութեան հաստատ խոստումը:
Այս Սաղմոսը ոչ միայն վստահութիւն կու տայ Աստուծոյ փրկութեան մասին, այլ նաեւ հաւաստիքը, թէ Աստուած ներկային ալ մեզ պիտի օգնէ:

Սաղմոսը կը պայմանաւորէ, որ եթէ մէկը « Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակի» եւ ըսէ՝ «Տէրը իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է», կրնայ վստահ ըլլալ, որ՝

Տէրը իր փետուրներովը պիտի ծածկէ զինք,

Ան ապաստան պիտի գտնէ Տիրոջ թեւերուն տակ,

Տէրը անոր պաշտպան պիտի ըլլայ գիշերուան զարհուրանքէն, ու ցորեկը՝ թռչող նետէն, ու մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն, եւ կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն,

Ան հրեշտակներուն պաշտպանութիւնը պիտի ունենայ իր բոլոր ճամբաներուն մէջ,

Առիւծի ու իժի վրայ պիտի քալէ,

Առիւծի կորիւնը ու վիշապը պիտի կոխկռտէ,

Ի վերջոյ Աստուած զինք պիտի փրկէ:
Այս բոլորը ունենալու համար պայման է, որ մենք զմեզ Բարձրեալին ծածկոցին տակ պահենք եւ Անոր հովանիին տակ ապրինք:

Աստուծոյ հովանիին տակ ըլլալու համար, կարեւոր է ամէն Կիրակի եկեղեցի երթալ: Սակայն այս ամենադիւրին մասն է: Պատարագէն դուրս, մենք պէտք է մեր տուները «եկեղեցիներու» վերածենք՝ ապաստանի վայրերու, ուր ոչ միայն կ'ուտենք ու կը քնանանք, այլ նաեւ կ'աղօթենք, մեր ընտանիքներուն հետ Աստուծոյ մասին կը զրուցենք, եւ իրարու ու մեր շրջապատին զոհողութեան հոգիով կը ծառայենք:

Ապրիլ Աստուծոյ հովանիին տակ կը նշանակէ, ամէն ինչ կատարել Աստուծոյ կամքին համաձայն: Երբ «ամէն ինչ» ըսենք, կը նշանակէ ԱՄԵՆ ԻՆՉ: Աստուծոյ պատուիրաններու հնազանդիլը ընտրովի չըլլար: Այլ ամէն բանի մէջ պէտք է հսկել, որ իր կամքը կատարուի:

Սաղմոսը կը խոստանայ ըսելով՝ «Քեզի չարիք պիտի չհասնի եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ»: Կրնայ մէկը հարց տալ ըսելով՝ այս չափազանցութիւն չէ՞. որովհետեւ ամէն օր տեսակ-տեսակ չարիքներ եւ դժուարութիւններ կ'ապրինք: Ի հարկէ դժուարութիւններ մեզ կը շրջապատեն ամէն կողմէ, սակայն անոնք մեզ չեն կրնար վնասել: Չարը չի կրնար յաղթել Աստուծոյ բարութեանը: Չարը մեզ կ'այցելէ, բայց ան չի կրնար մեզ տապալել, եթէ «Տէրը մեզի հովանի ըրած ենք»:

Ապրինք Աստուծոյ հովանիին ներքոյ, մեր տուները եւ աշխատավայրերը դարձնելով եկեղեցիներու: Փառաւորելով զԱստուած ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ: Մնանք Անոր ստուերին տակ՝ առնելով իւրաքանչիւր որոշում Անոր հովանիին Ներքեւ: Այն ժամանակ պիտի վայելենք Անոր պաշտպանութիւնը եւ տեսնենք իր փրկութիւնը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2022, 08:56