Որոնել

20221011_110433.jpg

Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան «Խաղաղութեան աղաղակը» խորագիրով միջկրօնական հանդիպումը 23էն 25 հոկտեմբերին

«Մեր կոչն է` բանալ խաղաղութեան ուղիներ, երկխօսութեան ուղիներ, կոչն է հասնիլ զինադադարի, ու մասնաւորապէս` թող վերջ դրուի զէնքերու վաճառքին» ըսաւ հարցազրոյցի աւարտին Մարքօ Իմփալիացցոն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 23էն 25 հոկտեմբերին Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ Հռոմի մէջ կը կայանայ «Խաղաղութեան աղաղակը. Կրօններ եւ մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ» խորագիրով միջկրօնական հանդիպումը, որուն փակումը պիտի կատարէ` 25 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի Քոլլոսէումի աշխարհահռչակ ամփիթատրոնի տարածքին նախատեսուած խաղաղութեան համար միջկրօնական աղօթքի ձեռնարկով, որուն առթիւ նաեւ կոչ պիտի ուղղուի քաղաքական ներկայացուցիչներուն։

Ասսիզիի Հոգին

Ձեռնարկը կը հանդիսանայ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած 36րդ հաւաքը` որ ներշնչում քաղած է «Ասսիզիի հոգիէն», որ կը հայի այն մեծ հաւաքին, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը նախաձեռնած էր 27 հոկտեմբեր 1986ին, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ծննդավայրին մէջ համախմբելով աշխարհի տարբեր կրօններու ներկայացուցիչները, միասին աղօթելու եւ հայցելու համար խաղաղութիւնն ու եղբայրութիւնը։

Հաւաքին օրակարգը

Խաղաղութեան այս «միթինկին» բացումը պիտի կատարուի կիրակի 23 հոկտեմբերին, մասնակցութեամբ Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Նիճերի հանրապետութիւններու նախագահներուն` Սերճօ Մաթթարելլայի, Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Մոհամմատ Պազումի, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին։

13 թեմաներ

Հաւաքը կը նախատեսէ 13 թեմաներով նիստեր նուիրուած խաղաղութեան, կլիմայական ճգնաժամին, գաղթականութեան, Սուրբ Զատկուայ տօնը միասին տօնախմբելու նիւթին, ապա միջկրօնական երկխօսութեան, հիւլէական պատերազմի մը վտանգին, համաճարակէն քաղուած դասերուն, համաշխարհայնացումի տագնապին...

Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Հռոմի «Eur» շրջանի «La Nuvola» համալիրին մէջ մինչ եզրափակիչ նիստն ու աղօթքը նախատեսուած է, ինչպէս նշեցինք, Հռոմի Քոլլլոսէումի տարածքին վրայ, երեքշաբթի 16.30-ին երբ տարբեր կրօններու ներկայացուցիչները այնտեղ պիտի համախմբուին նախ առանձնական աղօթք մը արտասանելով, ապա ժամը 5-ին բոլորը միասին պիտի խորհրդածեն խաղաղութեան նիւթին շուրջը եւ պիտի ստորագրեն խաղաղութեան կոչը, որ պիտի յանձնուի խումբ մը պատանիներուն, որոնք իրենց կարգին զայն պիտի յանձնեն ազգային եւ միջազգային քաղաքական աշխարհի ներկայացուցիչներուն։

Խաղաղութեան ճիչը պատերազմի բազմաթիւ աղմուկներու ընդմէջէն

Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ նախաձեռնուած այս հաւաքը կ՛ուզէ շեշտը դնել «խաղաղութեան աղաղակին վրայ» որովհետեւ կը թուայ` որ պատերազմը տեղ չի տար երկխօսութեան, մինչ խաղաղութեան իղձը գոյութիւն ունի եւ շատեր անոր կը ձգտին, ըսաւ Հաւաքի ներկայացումին առիթով Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ` Տիար Մարքօ Իմփալիացցոն դիտել տալով, որ «հանդիպումի միջոցաւ յոյս կայ, որ խաղաղութիւնը կարողանայ իր ճիչը արտայայտել պատերազմի բազմաթիւ աղմուկներու ընդմէջէն»։

Մարքօ Իմփալիացցոն տեղեկացուց` որ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի ու թէ Անոր կոչը պիտի միանայ միւս կրօններու ներկայացուցիչներու խաղաղութեան կոչին, որոնք կը ներկայացնեն բազմաթիւ ժողովուրդներուն ձայներն ու խաղաղութեան իղձի ձգտումը։

Քրիստոնեաներու աղօթքը Քոլլոսէումի ամփիթատրոնէն ներս

Ան ապա նշեց թէ Քրիստոնեաներու աղօթքը այս անգամ պիտի կայանայ Քոլլոսէումի ամփիթատրոնէն ներս. Ամփիթատրոնը` որ խորհրդանիշն է Հռոմին ու նաեւ կայսրութեան մը, խորհրդանիշն է նաեւ քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքներուն… «խորհրդանիշերը կարեւորութիւն ունին եւ այդ խորհրդանիշերուն կապուած պատգամներն ու նշանները եւս ունին իրենց կարեւորութիւնը» ըսաւ ի միջի այլոց Տիար Իմփալիացցօ, մամլոյ ասուլիսէն ետքը Ռատիոօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, մաղթելով` որ ձեռնարկը չմնայ լոկ ձեռնարկ, այլ դառնայ շարժում մը` խաղաղութեան շարժում` որ տարածուի ժողովուրդներու կեանքին մէջ։

«Մեր կոչն է` բանալ խաղաղութեան ուղիներ, երկխօսութեան ուղիներ, կոչն է հասնիլ զինադադարի, ու մասնաւորապէս` թող վերջ դրուի զէնքերու վաճառքին» ըսաւ հարցազրոյցի աւարտին Մարքօ Իմփալիացցոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2022, 09:00