Աշխարհի մէջ կաթողիկէներու թիւը յաւելում արձանագրած է. Ֆիտես լրատու գործակալութեան զեկոյցը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 23 Հոկտեմբերին յիշատակուող Միսիոներական Համաշխարհային օրուան առիթով Ֆիտես լրատու գործակալութիւնը ներկայացուցած է նոր զեկոյց մը, հայող աշխարհի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւերուն, որուն մէջ ի յայտ կու գայ թէ նոր մկրտուածներու թիւը աճ արձանագրած է ամենուրէք բացի Ովկիանիան ցամաքամասէն։
2020 թուականին աշխարհի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը հասած էր մէկ միլիառ 360 միլիոնի, եօթը միլիառ 667 միլիոն աշխարհի բնակչութեան վրայ։
Զեկոյցին մէջ կը ներկայացուի նաեւ կղերական դասին համապատկերը, հիմնուելով Եկեղեցւոյ 2020 ի վիճակագրական տարեգիրքի տուեալներուն վրայ. Արդարեւ այնտեղ նշուած է, թէ աշխարհի մէջ կան 5300 եպիսկոպոսներ, որոնց թիւը էապէս կայուն կը մնայ, մինչ քահանաներուն թիւը զգալի կերպով նուազում արձանագրած է, ու իջած է չորս հազարով, հասնելով 410 հազարի։ Միւս կողմէն կ՛աճին սակայն մնայուն սարկաւագները ու անոնց թիւը հասած է 48.600։
Գալով կրօնաւորուհիներուն անոնց թիւն ալ վերջին տարիներուն կը շարունակէ նուազիլ ու 2020ի տուեալներուն համաձայն աշխարհին մէջ կան 619 հազար կրօնաւորուհիներ։ Նուազած են նաեւ կոչումներն ու նորընծաներուն թիւը։
Միշտ 2020 Եկեղեցւոյ վիճակագրական տարեգիրքի տուեալներուն համաձայն Եկեղեցին աշխարհի մէջ կը մատակարարէ 73 հազար մանկապարտէզներ, եօթը ու կէս միլիոն աշակերտներով, ապա այլ 34 միլիոն աշակերտներ արձանագրուած են 100 հազարէ աւելի նախակրթական դպրոցներուն մէջ, մինչ այլ 19 միլիոն աշակերտներ կը յաճախեն 50 հազարի չափ երկրորդական դասարանները։ Միջնակարգի դպրոցներու աշակերտներուն թիւն է երկու միլիոն, մինչ աշխարհի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկան 800 համալսարաններուն մէջ կրթութիւն կը ստանան երեք միլիոն աշակերտ։
Առողջապահական գետնի վրայ Եկեղեցին կը մատակարարէ 5.322 հիւանդացնող,, 14.415 խնամատուն, 534 բորոտանոց, 15.204 ծերանոց ու անկարներու կեդրոններ 9.230 որբանոցներ, 10.362 ամուսնութեան հարեցրու խորհրդատուական կեդրոններ, 3.137 ընկերային դաստիարակչութեան կեդրոններ ե այլ 34.291 տարբեր հաստատութիւններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ