Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու դեսպան` Տիկ. Տորոթի Շիա-ի հետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու դեսպան` Տիկ. Տորոթի Շիա-ի հետ  

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ի հանդիպումը Լիբանանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու դեսպան` Տիկ. Տորոթի Շիա-ի հետ

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դեսպանին ներկայացուց լիբանանցիներուն ու հայ հասարակութեան ապրած այլեւս անտանելի իրավիճակը, անոնց տնտեսական, առողջապահական ու նոյնիսկ հոգեբանական դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն հարցերը, որոնց առնչութեամբ դեսպան Շինը հաւաստիացուց, որ ամէն ջանք կը դափուի, որպէսզի Լիբանանը կարողանայ շուտով ընթանայ վերականգնման ուղիով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 11 հոկտեմբեր 2022-ին Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան այցելեց Լիբանանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու դեսպան` Տիկ Տորոթի Շիա, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ին հետ։

Հանդիպման ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Շիա-ին այն աշխատանքին համար, որ ան կատարած է վասն Լիբանանին, յատկապէս ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոխշտեյնի հետ, հայող ծովային սահմաններու սահմանազատման հարցին  բանակցութիւններուն, որոնք արդեն յանգեցան եզրակացութեան ու դրական արձագանք պիտի ունենան՝ ի շահ Լիբանանին։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դեսպանին ներկայացուց լիբանանցիներուն ու հայ հասարակութեան ապրած այլեւս անտանելի իրավիճակը, անոնց տնտեսական, առողջապահական ու նոյնիսկ հոգեբանական դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն հարցերը, որոնց առնչութեամբ դեսպան Շիա հաւաստիացուց, որ ամէն ջանք կը դափուի, որպէսզի Լիբանանը կարողանայ շուտով ընթանայ վերականգնման ուղիով։

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստանի սահմաններուն տիրող մտահոգիչ իրավիճակի մասին ու քննարկեցին հայաստանն ու սփիւռքահայութիւնը յուզող տարբեր հարցեր։ Անոնք ապա «դրական» գնահատեցին հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի և Ամերիկայի դեսպանութեան միջեւ տիրող յարաբերութիւնները։

Նախ քան դեսպան Շիա-ի հետ հանդիպումը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց ու Սուրբ Վարդանի մետալով պարգեւատրեց Լիբանանի Հանրային անվտանգութեան գլխաւոր տնօրէն` Կեներալ Մայոր Ապպաս Իպրահիմը։

 Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ եւ Կեներալ Մայոր Ապպաս Իպրահիմ
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ եւ Կեներալ Մայոր Ապպաս Իպրահիմ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2022, 19:29