Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ՃԺԴ) հաղորդում
ՃԺԴ. Հաղորդում
Այսօրուան մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք բուն Պատարագի յաջորդական երգերուն:
«Յամենայնի» գոհաբանական երգը, որ «Հայր երկնաւոր»ին և «Որդի Աստուծոյ» երգերուն միջեւ կը գտնուի, վեհ, խորհրդաւոր հիացումով, գոհաբանական և աղաչական ձեւով կ'երգուի դպիրներու կողմէ: Ահա ուրեմն կ'օրհներգենք, կը գովերգենք ու կը փառաւորենք զԱստուած՝ երկնքի և երկրի Տէրը, որ իր աստուածային սէրը յայտնեց մարդկութեան՝ իր Միածին Որդին ընծայելով իբր երկնատուր պարգեւ:
Մէջբերելով հանդերձ. «Ամէն բանի համար օրհնեալ ես Տէր, կ'օրհնաբանենք Քեզ, գոհութիւն կը յայտնենք և կ'աղաչենք Քեզի, Տէ՜ր մեր Աստուածը»: «Յամենայնի»ն իր պարզութեան մէջ երաժշտական փոքրիկ գոհար մըն է և Պատարագամատոյցի ամենահին բնագիրներուն մէջ կը գտնենք զայն: Հ. Յովսէփ Գաթրճեանի համաձայն՝ այս երգը հինգերորդ դարէն սկսեալ մուտք գործած է մեր Պատարագին մէջ (Գաթրճեան, Պատարագամատոյցք, Վիէննա, 1897):
Յիրաւի, նկատի ունենալով որ «Յամենայնի» երգը գոհունակութեան և ուրախական հիացմունքի արտայայտութիւն է, ուստի զայն չափազանցեալ դանդաղութեամբ երգելը՝ տխուր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, որմէ պէտք է զգուշանալ: Տեղին է յիշել թէ Թաշճեանական պատարագին մէջ, «Յամենայնի» երգը զանազան երգերու նման՝ մեղեդիական չորս տարբերակներով գրի առնուած է. «Վասն Կիւրակէից» (Կիրակիներու համար): «Վասն լուր աւուրց» (Շաբթուայ օրերուն համար): «Վասն տաղաւարաց» (Տաղաւար տօներու համար): Ինչպէս նաեւ «Վասն Մեծի Պահոց» (Մեծ Պահքի համար):
Հետագային է որ Եկմալեան և Կոմիտաս ընտրելով իրենց համակրած եղանակը՝ լաւագոյնս դաշնաւորած և ներկայացուցած են զանոնք մեզի: «Յամենայնի» օրհներգութենէն ետք, դպիրները այս անգամ իրենց աղերսանքը կը ներկայացնեն Ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ անձնաւորութեան՝ Սուրբ Հոգի Աստուծոյ: Արդարեւ, Հօր և Որդւոյ և Հոգւոյն սրբոյ ճառագայթող ներկայութիւնը այս երգերու ընդմէջէն՝ իր լրումին կը հասցնէ սուրբ Պատարագի խորհուրդը: Ի միջի այլոց ժամանակի ընթացքին պատարագի երգեցողութիւնը աւելի ընդարձակուելով՝ անոր այն մասերը որ ծածուկ աղօթքներ են, իրականին մէջ երգի մէջ բազմաթիւ անգամներ կրկնուելով՝ երաժշտութեան աւելի լայն ծաւալ տուած են: Այսինքն՝ պատարագիչ քահանային ծածուկ աղօթքները ձեւով մը պատճառ դարձած են երգեցողութեան զարգացման:
Ստուգապէս, Դ. դարէն սկսեալ՝ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը (communio) Քրիստոնէական Եկեղեցիներու կողմէ նկատուած է «երկիւղ և սարսափ ազդող խորհուրդ մը»: Այս պաճառաւ, իբրեւ «ահեղ» խորհուրդ, Պատարագի արարողութեան կատարելագործման ըմբռնումը զարգացած է նախ Երուսաղէմի մէջ 4-րդ դարուն, Ս. Կիւրեղի Հայրապետի օրոք, և աստիճանաբար հզօր գործօն դառնալով՝ տարածուած է Արեւելեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Հետեւաբար, մեր Եկեղեցւոյ Հայրերը Պատարագի այս յեղաշրջման հետեւանքով՝ հաւատացեալներուն համար յարմար չեն նկատած «տեսնել» կամ «լսել» «ահեղ խորհուրդը»:
Այս պատճառով, հետզհետէ, Սուրբ Հաղորդութեան աղօթքները «գաղտնի» դարձած են, և լուռ ձեւով արտասանուած պատարագիչի կողմէ. իսկ սուրբ Պատարագի այն մասերը, որոնք բարձրաձայն կ'երգէին կամ կ'արտասանէին, աստիճանաբար հետագայ դարերուն՝ կը բազմանան, որուն իբրեւ հետեւանք՝ աղօթքներու իմաստը երգերու ընմէջէն կը ճոխանայ և հանդիսաւոր կերպով կը ներկայացուի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ