Որոնել

313086532_3464023233821308_6943153868666488695_n.jpeg

Կարդինալ Աղաճանեանը դէպի Երանացում։ Բացումը կատարուեցաւ սրբդասման դատի թեմական փուլին

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պատմեց թէ ինչպէս ինք նորընծայութեան շրջանին որոշած էր ընդհատել ուսումները ու վերադառնալ ի ծնողաց մօտ եւ ճիշտ այդ պահուն Լեւոնեան Ք. Վարժարանի Տեսուչին միջոցաւ իրեն կը հասնի երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին մէկ պատուէրը` «Ռաֆայէլին ըսէ թող տեղը մնայ ես իր հարցերը կը լուծեմ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

28 հոկտեմբեր 2022ին կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին ընտրութեան տարեդարձը, որ պատահած էր 28 հոկտեմբեր 1958ին, ճիշտ այն Քահանայապետը որուն «մրցակիցը» եղած էր հայազգի մեծանուն զաւակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանը, որ ըստ նոյնինքն երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ Պապի վկայութեան, եղած է այն թեկնածուն, որուն անունը բազմաթիւ անգամներ հնչեց Սիքստինեան մատրան մէջ տեղի ունեցած Քահանայապետ ընտրող Կարդինալական Ժողովին ընթացքին։

Յիշարժան օր

28 հոկտեմբերին, ըստ Լատինաց, կը յիշատակուի նաեւ Հայաստանի առաքեալ Սուրբ Թադէոսի ծիսական տօնը, եւ ճիշտ 28 հոկտեմբերին է` որ Հռոմի Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ, Հռոմի Թեմին Քահանայաետին տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնադիսի նախագահութեամբ եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոսի ԻԱ ներկայութեամբ, հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան Կարդինալին երանացման եւ սրբադասման դատի թեմական փուլին բացումը։

Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի թեմական փուլի արարողութիւնը
Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի թեմական փուլի արարողութիւնը

Գոհաբանական պատարագ 

Այս հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար եւ ոչ միայն, այլ համայն հայութեան համար յիշարժան օրը, սկիզբ առաւ առաւօտեան կանուխ, երբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը, շրջապատուած Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներով, քահանաներով ու նորընծաներով, Լեւոնեան Ք. Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Կարդինալ Աղաճանեանի դամփանին մօտ մատոյց գոհաբանական սուրբ պատարագը, շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ` հայոց աշխարհին շնորհած այս պայծառ ու լոյս ճառագայթող դէմքին համար ու նաեւ աղօթքներ բարձրացնելով Աստուծոյ Ծառային` որպէսի բարեխօս ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք իրեն պիտի դիմեն։

Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի թեմական փուլի արարողութիւնը
Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի թեմական փուլի արարողութիւնը

Դատի բացման արարողութիւնը

28 հոկտեմբերի կէսօրին, ինչպէս նշեցինք, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ կայացաւ երանացման եւ սրբադասման դատի բացման արարողութիւնը, որուն ի միջի այլոց ներկայ գտնուեցան, կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, դեսպաններ, որոնց շարքին Հ.Հ. Սուրբ Աթոռի մօտ ու նաեւ Իտալիոյ մօտ երկու դեպանները, դիւանագիտական մարմնի անդամներ, լրագրողներ, իտալիայէն ու այլ երկիրներէն ժամանած հայորդիներ ու հաւատացեալներ։

Օրակարգը սկիզբ առաւ հայերէն լեզուով` Հայր մեր աղօթքի երգեցողութեամբ, որմէ ետք նոտարը կարդաց օրագրութիւնը ու տեղի ունեցաւ Թեմական Դատարանի անդամներուն եւ Խնդրարկուին հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան երդման արարողութիւնը։

Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի թեմական փուլի արարողութիւնը
Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի թեմական փուլի արարողութիւնը

Երդում կատարեցին Երանացման եւ սրբադասման դատի Խնդրարկուն` Հայր Քարլօ Քալլոնի ու Թեմական դատարանի անդամները` Գերապայծառ Ճուզեփփէ Տ՛ալոնցօ` Եպիսկոպոսական պատուիրակ, Արադարութիւն Խթանողը Հայր Ճորճօ Ջուջի, Նոտարը` Մարչելլօ Թերրամանի, եւ Նոտարի օգնականը` Ֆրանչեսքօ Ալլեկրինի։

Կարդինալ Աղաճանեանի սրբակեաց կեանքի վկայութիւնը

Երդման կարգէն ետքը խօսք առաւ Հռոմի Թեմի առաջնորդը ներկայացնելով` Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանին ու անոր սրբակեաց կեանքի վկայութիւնները։ Անոր յաջորդեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատրիարքին ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, նշելով թէ իր «սիրտը այսօր լի է ուրախութեամբ» ու հաստատելով` թէ «եթէ ինք այսօր այստեղ կը գտնուի կը պարտի նոյնինքն կարդինալ Աղաճանեանին, որովհետեւ, ըսաւ Ան «կոչումս ծնունդ առաւ Աստուծոյ Շնորհքէն, եւ Աստուծոյ այս սպասաւորի ուսուցումին շնորհիւ` որ եղաւ հաւատքի վկան ու հոգիներու ծառան»։

Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի թեմական փուլի արարողութիւնը
Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի թեմական փուլի արարողութիւնը

Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պատմեց, թէ ինչպէս ինք նորընծայութեան շրջանին որոշած էր ընդհատել ուսումները ու վերադառնալ իր ծնողաց մօտ եւ ճիշտ այդ պահուն Լեւոնեան Ք. Վարժարանի Տեսուչին միջոցաւ իրեն կը հասնի երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին մէկ պատուէրը` «Ռաֆայէլին ըսէ` թող տեղը մնայ, ես իր հարցերը կը լուծեմ»։

«Մի քանի օրեր ետք Ան մահացաւ եւ ես պատիւը ունեցայ երեք գիշերներ հսկելու Եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած անոր դիակին մօտ» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ, որ իր խօսքը շարունակելով շնորհակալութիւն յայտնեց մինչեւ օրս սրբադասման դատով զբաղողներուն ու իր նախորդներուն` յատկապէս երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի Պատրիարքին, որուն օրով է, որ սկիզբ առաւ սրբադասման դատի գործընթացքը։

Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի թեմական փուլի արարողութիւնը
Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի թեմական փուլի արարողութիւնը

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ այլ երանելիներ եւ Աստուծոյ ծառաներ

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշելէ առաջ հայ Եկեղեցւոյ երանելիներէն` Երանելի Կոմիտասը, Երանելի Մալոյեանը, Աստուծոյ ծառաներ Սեբաստացի Մխիթարը եւ Կիւրեղ Եպիսկոպոս Զոհրապեանը, ու 1915 ի ցեղասպանութեան բոլոր լռելեան մարտիրոսները, հաւատացեալներէն խնդրեց աղօթքներ` որպէսզի «այս ընտրեալ հոգին, հասնի խորաններու պատուոյն»յարեց Ան ու խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Թեմական Դատարանի անդամներուն անոնց հաւաստիացնելով իր աղօթքները։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքէն ետքը բոլոր ներկաները միասին արտասանեցին Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանին նուիրուած բարեխօսական աղօթքը որմէ ետք Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ հնչեց երջանկայիշատակ հայոց մեծանուն հայրապետին շատ սիրելի «Կիլիկիա» երգը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2022, 16:32