Որոնել

20201115_vangelo-di-domenica-Pixabay_abbondanza_a-chiunque-fu-dato-molto.jpg

Տաղանդ՝ Պատրաստ Մնալու Համար. Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

«Աղքատներու պէս ենք ու շատերը կը հարստացնենք, բան մը չունեցողներու պէս՝ եւ ամէն բան ստացած ենք» (Բ Կորն. 6:10)։

Յիսուս անդրադառնալով իր երկրորդ գալուստեան նիւթին շուրջ, ուզեց որ աշակերտները իրազեկ ըլլան գալիք նեղութիւններու եւ հալածանքներու մասին: Այս իմաստով Ս. Մատթէոս իր աւետարանին 24րդ գլխուն մէջ կը ներկայացնէ Յիսուսի խօսքերը` երկրորդ գալստեան հետ առնչուող եւ պատահելիք սոսկալի աւերումներու վերաբերող, որպէսզի աշակերտները քաջալերուին. եւ միեւնոյն ատեն գործեն եւ աշխատին աւետարանի տարածման համար:

Ս. Մատթէոս շարունակելով Յիսուսին խօսքերը, 25րդ գլխուն մէջ կը խօսի տաղանդներու եւ կամ երեք ծառաներու առակի մասին:

Առակը ծանօթ է շատերուս: Մարդ մը կար, որ օտար երկիր ճամբորդելու պատճառով, իր ծառաները կանչեց եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց: Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու միւսին՝ երկու եւ ուրիշին՝ մէկ:

Առաջին երկուքը գործեցին եւ աշխատեցան իրենց տաղանդներով եւ բազմացուցին զանոնք: Իսկ երրորդը վախցաւ եւ գետնին տակ պահեց իր ստակը: Երբ տէրը վերադարձաւ խորապէս գնահատեց իրենց տաղանդները աշխատցնող ծառաները. բայց մեծապէս յանդիմանեց վախցող ծառան, զայն «Չար եւ ծո՛յլ ծառայ» կոչելով:

Ինչո՞ւ համար Յիսուս այս առակը խօսեցաւ աշակերտներուն եւ զայն կապեց գալիք նեղութիւններուն հետ:

Դժուար օրերու մէջ ենք: Հաւատացեալները այս օրերու պատճառած վախի ճնշումին տակ, մնացած են անդամալուծուած: Կարծէք կը գոյատեւեն եւ ոչ թէ կ'ապրին: Յիսուս նման օրերու համար էր, որ պատմեց տաղանդներու առակը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի տաղանդ մը՝ շնորհք կամ յատկութիւն մը, որպէսզի զայն գործածէ Քրիստոսի եւ իր արքայութեան համար: Չկայ մէկը առանց տաղանդի: Աստուած իւրաքանչիւրիս տուած է տաղանդ մը ոչ միայն յաղթելու նեղութիւններուն, այլեւ ներգործական ըլլալու եւ իր փառքին համար գործելու: Այս իմաստով Ս. Պօղոս կը գրէ՝ «Աղքատներու պէս ենք ու շատերը կը հարստացնենք, բան մը չունեցողներու պէս՝ եւ ամէն բան ստացած ենք» (Բ Կորն. 6:10)։

Եզրափակելու համար կ'ուզեմ յիշել Ս. Պետրոսը եւ Ս. Յովհաննէսի տաճար մուտքի դէպքը: Անոնք աղօթքին ատենը երբ տաճար կ'երթային, հոն հանդիպեցան իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած մարդու մը: Ան ողորմութիւն խնդրեց իրենցմէ, բայց Ս. Պետրոս իրէն դառնալով ըսաւ՝ «Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն քեզի կու տամ։ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը ելի՛ր ու քալէ՛» (Գործք 3:6):

Մենք ալ սիրելիներ, կրնայ ըլլալ որ «արծաթ ու ոսկի» չունենանք, բայց ունինք յաւիտենական կենաքի աւետիսը: Ոչինչ մեզ պէտք է ընկրկէ մեր այս տաղանդը գործածելէ Աստուծոյ փառքին համար, որպէսզի երբ Ան վերադառնայ, Իրմէ յանդիմանական խօսքեր չլսենք, այլ արժանանաք Քրիստոսի գնահատանքին, որ կ'ըսէ՝ «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Գործք. 25:23):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2022, 07:58