Կալկաթայի սրբուհի Մայր Թերեզային ծիսական տօնը ու մահուան 25 ամեակը։
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Այսօր` 5 սեպտեմբերին Լատին Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն կը յիշատակուի «Գթութեան Առաքեալներ» քոյրերու միաբանութեան հիմնադիր` Կալկաթայի Մայր Թերեզայի ծիսական տօնը, որ այս տարի կը զուգադիպի Անոր մահուան 25 ամեակին։
Կենսագրական գիծեր
Աւազանի անունով Անյէս Կոնծա` Մայր Թերեզան, Ալպանացի ընտանիքի մը զաւակն էր ծնած՝ Մակեթոնիոյ երբեմնի Սքոփիէ քաղաքը, 26 օգոստոս 1910ին։
1922 ին իր մէջ կը զգայ կոչը ինքզինք նուիրելու Աստուծոյ ծառայութեան։
1928ին կը մեկնի Հնդկաստան։ 1931ին կը կատարէ իր առաջին ուխտերը «Լորեթոյի մայրապետներու» միաբանութեան մաս կազմելով եւ կրելով Թերեզա անունը։
1946ին՝ կոչն ու կարիքը կը զգայ հիմնելու նոր միաբանութիւն մը եւ 1948ին կը սկսի իր նոր առաքելութիւնը Կալկաթայի աղքատներուն ի նպաստ։
1965ին Մայր Թերեզայի հիմնած «Գթութեան առաքեալներ» նոր միաբանութիւնը կը ստանայ Քահանայապետական Ճանաչում։
1979ին Մայր Թերեզան կը ստանայ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը։
1985ին կը հրաւիրուի ելոյթ ունենալու Միացեալ Նահանգներու ժողովին։
1986ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հնդկաստան, այցելելով նաեւ՝ Մայր Թերեզայի առաքելական վայրերը եւ հաստատութիւնները։
1997ի սեպտեմբեր 5ին Մայր Թերեզան իր մահկանացուն կը կնքէ Կալկաթայի մէջ (Հնդկաստան)։
2003 հոկտեմբերին երջանկայիշատակ ՅՊԲ Քահանայապետը խորանին պատուին արժանացուց զայն` զայն հռչակելով Երանելի։
Ապա 4 սեպտեմբեր 2016 Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարուած եւ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած հանդիսաւոր արարողութեամբ Ան դասուեցաւ սուրբերու շարքին։
Հայաստանի մէջ
1988-ին Հայաստանը հարուածող հսկայ երկրաշարժէն ետք Մայր Թերեզան ու անոր միաբանակից քոյրերը փութացին Երեւան օգնութիւն մատուցելու աղէտեալներուն։ Հայաստան ժամանելուն Մայր Թերեզա իր միաբանակից քոյրերուն ըսած է «Ինչո՞ւ համար հոս եկած ենք. Եկած ենք աղքատներէն ամէնաաղքատին Քրիստոսի բարի լուրը տալու, մեր խոնարհ ծառայութիւնն ու սէրը նուիրելով եւ այս մէկը` կատարելու ժպիտով»։
Աստուծոյ ծառայութեան տակ բաց խողովակներ
Մայր Թերեզան կը սիրեր յաճախ կրկնել «մենք խողովակի պէս պիտի ըլլանք։ կարեւոր չէ թէ խողովակը ինչէ շինուած է` ոսկիէ, արծաթէ, փլաստիկէ, կարեւորը խցանուած չըլլալն է, այլ բաց, որպէսզի Աստուած օգտագործէ զայն իր կամքին համաձայն»։
Տարիքն ու ազգութիւնը
Երբ անգամ մը Մայր Թերեզային հարցուցին իր տարիքի մասին ան խորամանկ ժպիտով պատասխանեց «արտաքինով ութսունմէկ տարեկանի տեսք ունիմ. Բայց ներքնապէս տասնըութ տարեկան եմ»։
1928 թուականի վերջաւորութեան, որպէս նորընծայ մայրապետ Քոյր Թէրեզան հաստատուեցաւ Հնդկաստանի՝ Լորեթթոյի վանքին մէջ, սորվեցաւ պենկալերէն եւ քիչ մըն ալ հինտուերէն։ Անգամ մը հնդիկ լրագրողուհի մը ըսած էր Մայր Թէրեզային.
- «Մայր Թէրեզա, դուք բնիկ հնդիկ չէք, այլ հնդկական քաղաքացիութիւն ստացած անձ մը»։
-«Ես քեզմէ շատ աւելի հնդիկ եմ՚, պատասխանած է ան, որովհետեւ ես որոշում առած եմ հնդիկ ըլլալ, իսկ դուն՝ բնաւ չես ունեցած ընտրելու հնարաւորութիւն»։
Աղքատներուն մայրը
Օր մը մէկը Մայր Թերեզային հարց կու տայ, թէ աւելի լաւ չէ՞ աղքատներուն սորվեցնել ձուկ որսալ՝ քան անոնց ձուկ տալ ուտելու։ Մայր Թերեզա համաձայն կը գտնուի գաղափարին եւ կը պատասխանէ՝ «Իմ աղքատներս շատ տկար են ձկնորսութեան ձողը բռնել կարենալու համար։ Երբ անոնք իմ տուներուս մէջ կը կազդուրուին, զանոնք քեզի կ՛ուղարկեմ, որ իրենց ձկնորսութիւն սորվեցնես»։
Աստուծոյ փոքրիկ մատիտը
Այսօր աշխարհի աւելի քան 120 երկիրներու մէջ կը գործեն Մայր Թերեզայի հիմնած միաբանութեան 584 կեդրոններ, ուր անօթեւան, աղքատ ու ընկերութենէն մոռցուած մարդիկ կը գտնեն պատսպարան:
Մայր Թերեզայի հիմնած միաբանութեան մատուրներու մէջ, արձանագրուած է, Յիսուսի արտասանած՝ «ծարաւի եմ» նախադասութիւնը։ Նախադասութիւն՝ որ Մայր Թերեզայի երկրորդ կոչումի հիմքը եղած է։ Ինք, որ կը սիրէր ինքզինք ներկայացնել իբրեւ «Աստուծոյ փոքրիկ մատիտը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ