Որոնել

1663152266635.jpg

Պատրիարք Մինասեան. Հայաստանի դէմ որեւէ յարձակում, յարձակում է մարդկութեան դէմ, արդարութեան դէմ, մարդու խղճին դէմ։

Անդրադառնալով միջազգային ընտանիքի կոչերուն ու միջամտութիւններուն Մինասեան Պատրիարքը տխրութեամբ յայտնած է. «Այսօր բոլորն ալ իրենց մտահոգութիւնները կը յայտնեն բայց հիմնականը լուծումներ գտնելն է, հիմնականը` միջազգային քաղաքական ճնշումներ բանեցնելն է, կանգնեցնելու համար ան, որ իր զինուորական ուժով կը սպանէ անմեղները, ափ մը հողի համար, որ իրեն չի պատկանիր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հայաստանի դէմ որեւէ յարձակում, յարձակում է մարդկութեան դէմ, արդարութեան դէմ, մարդու խղճին դէմ։ Ես այս մէկը կ՛ըսեմ տառապող սրտով։ Մենք յոգնած ենք այս մարդկային անարդարութեան Խաչը կրելէ այսքան երկար ժամանակ։ Հազիւ սկսած էինք փակել` 2020-ի սեւ էջը, երբ հողին յանձնեցինք հազարաւոր երիտասարդ զոհեր, եւ ահա այսօր սկսանք հաշուել նոր հարիւրաւոր մեռեալներ, ու ականատես ենք կործանումներու ու հազարաւոր տեղահաններու»։

Յայտարարութիւնն է սա` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին, զոր կատարեց, Իտալական «ՍԻՐ» գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացին, անդրադառնալով Ազրպէյճանի բարբարոսութիւններուն ու ` Հայաստանի անկախ Պետութեան ու տարածքներուն դէմ վերջերս գործած սանձազերծուած յարձակումին։ Ան նշեց թէ մօտ օրէն Հայաստան կը մեկնի, մօտէն ստուգելու հարցերը, որպէս Հայաստանի Քարիթասի նախագահ, ու թէ ինք հրահանգ տուած է բանալ Գորիսի Քարիթասի գրասենեակին դռները հիւրընկալելու համար տեղահան ընտանիքները ու անոնց տրամադրութեան տակ դնելու բոլոր հնարաւոր օգնութիւնները։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

Որքան անարդարութիւն

Անդրադառնալով ապա միջազգային ընտանիքի կոչերուն ու միջամտութիւններուն Մինասեան Պատրիարքը տխրութեամբ յայտնած է «Ես կը մտածեմ թէ ոչ մէկ պետութիւն կամ համաշխարհային ուժ հետաքրքրուած է հայ ազգով։ Այսօր բոլորն ալ իրենց մտահոգութիւնները կը յայտնեն բայց հիմնականը լուծումներ գտնելն է, հիմնականը` միջազգային քաղաքական ճնշումներ բանեցնելն է կանգնեցնելու համար ան, որ իր զինուորական ուժով կը սպանէ անմեղները, ափ մը հողի մը համար, որ իրեն չի պատկանիր։ Աշխարհին մէջ չկայ ուժ մը, որ այսօր ըսէ. Կանգնեցէք։ Ետ քաշուեցէք։ Իրաւունք չունիք այդ մէկը ընելու։ Որքան անարդարութիւն»։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ   Արամ Ա
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Արամ Ա

Թող աշխարհը իմանայ, որ Հայաստանի հայերը միայնակ չեն

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մատնանշեց ապա, թէ «մէկ կողմէն կայ միջազգային քաղաքական անտարբերութիւն, բայց միւս կողմէն՝ այդ հողը գրաւիչ է, կազի և նաւթի, հարստութիւններուն համար, որոնք երկրի, հետևաբար ողջ մարդկութեան սեփականութիւնն են»։

Ան ակնարկեց նաեւ անցեալ օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կազմակերպուած համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներու հանդիպումին, որուն օրակարգն էր Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան քննարկումը եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ուղենիշներու ճշդումը, այս առնչութեամբ հաստատելով. «Թող աշխարհը իմանայ, որ Հայաստանի հայերը միայնակ չեն»։

Քահանայապետին ու եկեղեցական հաստատութիւններու կոչերը

«Սիր» գործակալութիւնը յօդուածին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ղազախստանի մէջ կատարած յայտարարութեան, որուն մէջ Ան մտահոգութիւնը արտայայտած էր «Կովկասի մէջ բռնկուող նոր օջախներուն» համար, աղօթք խնդրելով այդ հողատարածքներուն համար, որպէսզի «գերակշռեն հաշտութիւնը եւ խաղաղ բանավէճերը»։ Յօդուածին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) եւ Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի (ԵԵԽ) ընդհանուր քարտուղարներու մտահոգութեան եւ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ուղղած անոնց կոչին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2022, 09:00