Որոնել

preghiera-padre-nostro.jpg

Բարեկենդան Սուրբ Աստուածածնի Ո՞վ պէտք ունի բժիշկի – Մարկոս 2, 13

Քրիստոս բժիշկն է հոգիներու. Ան նախ կը փնտռէ մեղաւորները, այն անձերը որոնք մերժուած են ընկերութենէն, անոնք որ մեղանչական վարքով հեռու կ'ապրին եկեղեցիէն ու խորհուրդներէն, անոնք որ երբեք չեն մտահոգուած իրենց հոգիի փրկութեամբ, անոնք որ իրենք զիրենք լքուած կը զգան բոլորէն. Անոնց կ՛ուզէ նախ աւետել Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը, որպէսզի յոյս ներշնչէ անոնց թէ Բարի Լուրը նաեւ իրենց համար տրուած է եւ մասնաւորապէս իրենց համար։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Բժիշկի մը պաշտօնն է բուժել հիւանդը, կամ գէթ անոր ցաւերը որոշ չափով մեղմացնել. Սակայն կրնայ նաեւ խորհուրդներ տալ առողջ մարդոց, որպէսզի զգուշանան կարգ մը սովորութիւններէ կամ սննդեղէններէ որոնք կրնան զիրենք օրին մէկը հիւանդացնել եւ գէշ վիճակի հասցնել։ Ստոյգ է որ իր առաջնակարգ խնամքը կ՛երթայ սակայն հիւանդներուն, անոնց որ անմիջական պէտք ունին իր խնամքներուն։

Քրիստոս բժիշկն է հոգիներու. Ան նախ կը փնտռէ մեղաւորները, այն անձերը որոնք մերժուած են ընկերութենէն, անոնք որ մեղանչական վարքով հեռու կ'ապրին եկեղեցիէն ու խորհուրդներէն, անոնք որ երբեք չեն մտահոգուած իրենց հոգիի փրկութեամբ, անոնք որ իրենք զիրենք  լքուած կը զգան բոլորէն. Անոնց կ՛ուզէ նախ աւետել Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը, որպէսզի յոյս ներշնչէ անոնց թէ Բարի Լուրը նաեւ իրենց համար տրուած է եւ մասնաւորապէս իրենց համար։

Այս նախընտրութիւնը Յիսուսի պէտք չէ մեզ գայթակղեցնէ, ընդհակառակը պէտք է որ հրճուանք պատճառէ մեր սրտին, որով այս բոլոր հոգեպէս աղքատ ու լքուած անձերը մեր քոյրերն ու եղբայրներն են եւ Քրիստոսի կոչով՝ անոնք կը վերադառնան իրենց նախնական արժանապատուութեան, որ է ըլլալ զաւակներ Աստուծոյ, Երկնաւոր Հօր, եւ եղբայրներ ու քոյրեր Քրիստոսի։

Անոնք մեզմէ աւելի պէտք ունին Քրիստոսի, ուստի անտեղի է նախանձիլ այլ ընդհակառակը՝ հարկ է ուրախ ըլլալ եւ ձեռք երկարել անոնց, որպէսզի մեզի միանան ու շարունակեն ճամբան դէպի փրկութիւն, լաւ շրջապատի մէջ։

Քրիստոս կու տայ նաեւ ուրիշ պատգամ մը անոնց որոնք կը քննեն արտաքինը եւ կը խորշին կարգ մը անձերու հետ ճաշի նստելէ. Յաճախ մարդիկ լի են նախապաշա-րումներով եւ իրենց աչքի տակէն կը հետեւին իրենց հիւրերուն, որպէսզի կարենան քննադատել զիրենք. Մինչ Փարիսեցիները խորշանք կը զգան սեղան նստելով մեղաւոր-ներու հետ, Յիսուս ինքզինք շատ հանգիստ կը զգայ անոնց հետ։

Հրէաները զանազան օրէնքներ ունէին, ճաշէն առաջ լուացուիլ, պիղծ մարդոց հետ սեղան չնստիլ, ամէն ինչ չուտել, զանազանելով սուրբ եւ անսուրբ կերակուրները... Քրիստոսի համար մէկ օրէնք կայ միայն որ կը գերազանցէ միւս բոլորը, սիրոյ օրէնքը եւ այս օրէնքին վրայ հիմնուած ինք պատրաստ է ընկալելու նոյնիսկ ամենաթշուառ անձերը զանոնք սիրաշահելու համար եւ մօտեցնելու դէպի Տէրը։

Յիսուս իր սիրոյ պատգամը կը փոխանցէ մարդկութեան նոյնիսկ ճաշի ժամանակ. Ճիշտ է որ Աստուծոյ պատգամը նախընտրաբար եկեղեցիներու մէջ կը քարոզուի, սակայն կարելի է զայն կատարել նաեւ ամենուրեք, սովորական կեանքի բոլոր ժամանակներուն եւ առիթներուն։ Երբեմն բարի օրինակ մը տրուած քրիստոնեայի մը կողմէ, կը բաւէ առինքնելու համար անձ մը եւ զայն դարձնելու հաւատացեալ. Կը պատահի նոյնիսկ որ քրիստոնէական կեանքի ապրումը եւ վկայութիւնը աւելի ազդեցիկ ըլլան քան քարոզ մը. Ուստի մեր կեանքով, խօսքով ու գործերով տեւապէս քարոզիչներ ըլլանք Քրիստոսի աստուածային նուիրական պատգամին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2022, 08:03