Որոնել

Տիրամօր վերափոխման սրբանկար Տիրամօր վերափոխման սրբանկար 

Եկեղեցական գիտելիքներ. Բարեկենդան Աստուածածնի (7 -14 օգոստոս 2022)

Շաբաթ օրը , Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին, հայ Եկեղեցին կը կատարէ իւրայատուկ տօն մը, Շողակաթի տօնը.
Ունկնդրէ լուրը

Աստուածածնայ Վերափոխումէն մէկ շաբաթ առաջ՝ Հայ Եկեղեցին սովորութիւն ունի, ինչպէս շատ մը մեծ տօները կանխող շաբաթը, եւ մասնաւորապէս 5 տաղաւարներէն առաջ, կատարելու Բարեկենդան մը, որ կը համապատասխանէ լատին ծէսի Carnaval-ին եւ ապա մէկ շաբթուայ պահք մը, որու ընթացքին չի կատարուիր որեւէ սուրբի տօնակատարութիւն։

Օրուան Սուրբ Աւետարանը մեզի կը պատմէ Մատթէոս աւետարանիչի եւ առաքեալի կոչումը. Ան նախապէս կը կոչուէր Ղեւի, որդի Ալփէոսի. Ան մաքսատան պաշտօնեայ էր, բայց երբ լսեց Յիսուսի կոչը, անմիջապէս հետեւեցաւ անոր։ Յիսուս գնաց իր տունը եւ շատ մը ուրիշ

Յիսուս գնաց իր տունը եւ շատ մը ուրիշ մաքսաւորներու հետ, ինչպէս նաեւ մեղաւոր կիներու հետ ճաշի նստաւ, ինչ որ գայթակղութիւն պատճառեց դպիրներուն եւ Փարիսեցիներուն։ Այդ առթիւ Յիսուս ըսաւ իր նշանաւոր խօսքը. Առողջները պէտք չունին բժիշկի, այլ հիւանդները։

Այս շաբթուայ մէջ, ինչպէս նախապէս ըսինք, սուրբի տօն չի կատարուիր, այլ երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ բոլոր օրերը պահոց օրեր են։ Այս շրջանի ընթերցուածները կ՛ըլլան ընդհանրապէս իրերայաջորդ, նոյնպէս եւ աւետարանի ընթերցումները. Որպէս ընթերցուած՝ կը կարդացուին յաջորդաբար Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած Առաջին թուղթին 14-րդ եւ 15-րդ գլուխները, ուր Առաքեալը կը խօսի մեռելներու յարութեան մասին.

Հոս է որ կ՛ըսէ իր նշանաւոր խօսքը. Եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չառաւ. Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ, ուրեմն ի զուր է մեր հաւատքը։

Գալով Աւետարանին, այս շրջանին կ՛ընթեռնունք Մարկոս աւետարանչի 2-րդ եւ 3-րդ գլուխները, ուր զանազան դրուագներ իրարու կը յաջորդեն. Ծոմապահութեան մասին վէճը Յովհաննէսի եւ Յիսուսի աշակերտներուն միջեւ, շաբաթ օրով կատարուած բժշկութիւնը որ դարձեալ գայթակղութիւն կը պատճառէ հրէաներուն, Առաքեալներու ընտրութիւնը, Սուրբ Հոգւոյ դէմ գործուած մեղքը, Յիսուսի ազգականներու դրուագը եւ ի վերջոյ՝ սերմնացանին առակը։

Շաբաթ 13 Օգոստոս, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին, հայ Եկեղեցին կը կատարէ իւրայատուկ տօն մը, Շողակաթի տօնը. Ի՞նչ է Շողակաթը։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, քրիստոնէութեան դարձնելէ ետք հայ ժողովուրդը, ուզեց շինել յարմար տաճար մը, եկեղեցի մը որ յաւերժացնէր այս դէպքը։ Ըստ աւանդութեան՝ ան երեք տեսիլքներ ունեցաւ. մին՝ շինուելիք եկեղեցւոյ յատակագիծն էր իր կամարներով եւ գմբէթով, երկրորդը՝ Միածին Որդին էր որ կ՛իջնէր երկնքէն դէպի այն տեղը ուր պիտի կառուցուէր Եկեղեցին, ձեռքը բռնած մուրճ մը ոսկեայ, քանդելու համար սանդարամետ չաստուածի մեհեանը եւ փոխարէնը կառուցանելու հիմերը նոր տաճարին. Իսկ երրորդ տեսիլքը լոյսի այն ճառագայթն էր որ կաթած էր երկնքէն եւ լուսաւորած Էջմիածնի տեսիլքը։

Ահա ասոր համար է որ տօնը կոչուեցաւ Շողակաթ եւ այդ անունը տրուեցաւ Լուսաւորչի շինած սերեք եկեղեցիներէն մէկուն, որ էր Հռիփսիմեանց խումբէն հիւանդ

Հռիփսիմեանց խումբէն հիւանդ կոյսի վկայարանի վրայ շինուած տաճարը, որը մինչեւ այսօր կը կոչուի Շողակաթի Եկեղեցի։

Կիրակի 14 օգոստոսը տօնն է Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2022, 08:47