Գերյ. Հայր Անդրանիկ Այվազեան Գերյ. Հայր Անդրանիկ Այվազեան  

Գերյ. Հայր Անդրանիկ Այվազեան ընտրուեցաւ Գամիշլիի հայ Կաթողիկէներու եպիսկոպոս։

Տանն Կիլիկիոյ հայ կաթողիկէներուն Պատրիարքական սինոդը, Գամիշլիի հայ Կաթողիկէներու եպիսկոպոսս ընտրեց Գերյ. Հայր Անդրանիկ Վրդ Այվազեանը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 20 օգոստոսին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը դադրեցուց Բերիոյ հայ կաթողիկէներու թեմի Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Պետրոս Միրեաթեանի, Գամիշլիի թափուր աթոռի առաքելական կառավարիչի պաշտօնավարումը, եւ հաւանութիւն շնորհեց Գամիշլի թեմի հայ Կաթողիկէներուն եպիսկոպոս նշանակել Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական սինոդի կողմէ ընտրուած Գերյ. Հայր Անդրանիկ Վարդապետ Այվազեանը։

Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նշուած է.

«Տանն Կիլիկիոյ հայ կաթողիկէներուն Պատրիարքական սինոդը, Գամիշլիի հայ Կաթողիկէներու եպիսկոպոսս ընտրեց Գերյ. Հայր Անդրանիկ Վրդ Այվազեանը, որ մինչեւ օրս կը ծառայէր որպէս ժողովրդապետ  Քամիշլիի Սուրբ Յովսէփ ժողովրդապետութեան մէջ ապա որպէս մատրանապետ Հասաքէի սուրբ ընտանիք եկեղեցիէն ներս»։

Կենսագրական

Հայր Անդրանիկ Այվազեան ծնած է 29 օգոստոս 1947ին Գամիշլի։ Ան մտած է Լիբանանի Զմմառեան միաբանութիւն, ուսանած է Պէյրութի Սուրբ Յովսէփ անուան համալսարանին մէջ ապա Հռոմի Գրիգորեան համալսարանէն ներս։

Քահանայ ձեռնադրուած է 8 մարտ 1972ին, անդամակցելով Գամիշլիի թեմին, ծառայած է Գամիշլիի թեմէն ներս, Հասաքէի եւ Տէր Զորի ժողովրդապետութիւններուն մէջ։

1984ին, արժանացած է Գերյարգելիի տիտղոսին։ Գերյ. Հայր Անդրանիկ Այվազեան իր հոգեւոր ծառայութիւններու եւ գործունէութիւններուն շարքին ստեղծած է անկարներու եւ երիտասարդներու հովուական ծառայութեան խնամակալութեան կարգ մը հաստատութիւններ, հիմնադիր եղած է Ժէզիրէի հայ կաթողիկէներու դպրոցներու ինչպէս նաեւ Աղքատախնամ հաստատութեան։ Ստանձնած է կարգ մը դպրոցներու տնօրէնութիւնը եւ ամէն տարի Հայաստանի Երեւանի համալսարանի հրաւէրով որպէս դասախօս՝ կը կազմակերպէ տարբեր դասընթացքներ։

Գերյ. Հայր Անդրանիկ Այվազեան հիմնած է Հայքօ Տիրպասյւէյի մէջ սուրբ Գէորգ անուան սրբավայրը ու Գործադիր Տնօրէնն է Հայաստանի «Ռատիօ Մարիամ» ռատիոկայանին։

Գերյ. Հայր Անդրանիկ Այվազեան, Արաբերէն եւ Հայերէն լեզուներէ զատ կը տիրապետէ Ֆրանսերէնի եւ Իտալերէնի։

Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ հայկական բաժանմունքի անձնակազմը կը շնորհաւորէ նորընտիր եպիսկոպոսը Անոր մաղթելով արդիւնաբեր առաքելութիւն

“Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ հայկական բաժանմունքի անձնակազմը կը շնորհաւորէ նորընտիր եպիսկոպոսը Անոր մաղթելով արդիւնաբեր առաքելութիւն”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2022, 12:42