Որոնել

259334237_4605260202846566_3151460772052031457_nAEM.jpg

Հայ եկեղեցւոյ պատասխանները ոչ ուղղափառ առարկութիւններու (14)

Կը ներկայացնենք Գերաշնորհ Նարեկ արք Ալեէմէզեանի «Հայ եկեղեցւոյ պատասխանները ոչ ուղղափառ առարկութիւններու» հատորէն քաղուած հարց ու պատասխանները։ Հեղինակը կը պատասխանէ կրօնական շրջանակներու մէջ դաւանաբանական եւ վարդապետական տարբերութեանց հայող հարցերուն։ Յարմար դատեցինք ձեզի հրամցնել հատորին պարունակութիւնը յապաւումներով։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

21.- ԾԷ՞Ս ԹԷ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ

Առարկութիւն..-  Հայ եկեղեցին աւելի կը շեշտէ ծէսը քան թէ Յիսուսով հոգիներու փրկութիւնը։

Պատասխան.- Հայ եկեղեցւոյ ծէսը քրիստոնեայ համայնքին պաշտամունքն է եւ յատկացուած է ա- նոնց, որոնք արդէն իսկ ընդունած են զՔրիստոս եւ կը հաւատան Անոր։ Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին, ոչ- հաւատացեալներուն նոյնի՛սկ թոյլատրուած չէր պաշ- տամունքի ներկայ գտնուիլ։

Սա չի՛ նշանակեր, որ առաքելական ու աւետարանչական աշխատանքը այլ եկեղեցիներու մենաշնորհն է։ Հայ եկեղեցին չ‟անտեսեր Ընդհանրական եկեղեցւոյ կեանքին մաս կազմող այս առաքելութիւնը։ Եթէ եղած են ժամանակներ, երբ Հայ եկեղեցին աշխուժօրէն առաքելութեան եւ աւետարանչութեան չէ լծուած, անոր պատճառը պէտք է փնտռել պատմական անթոյլատու պայմաններուն մէջ՝ յատկապէս իսլամական, թրքական եւ համայնավարական տիրապետութիւններու օրերուն։ Վաւերական ու ճշմարիտ հաւատքը կ‟ուսուցանէ, որ բոլոր քրիստոնեաները Քրիստոսի առաքեալներն ու վկաները դառնան։

22.- ՀԱՅԵՐԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ԾՆԱ՞Ծ ԵՆ

Առարկութիւն..-  Յիսուս ըսաւ.- «Պէտք է որ վերըստին ծնիք»։ Բայց հայ քրիստոնեաներ վերստին ծնած հաւատացեալներ չեն։

Պատասխան.- Նոր կտակարանը կը սորվեցնէ, թէ Յիսուս Քրիստոսի հաւատացողներ մկրտութեամբ՝ ջուրով եւ Սուրբ Հոգիով արժանի պիտի դառնան նոր ծնունդի մը։ «Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի՛ կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել» (Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 3.5)։ Նոյն ու- սուցումը կը փոխանցէ Պօղոս առաքեալ, երբ մկըրտութեան մասին կը գրէ.- «Մեզի նոր ծնունդ տուաւ, մկրտութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մեզ վերանորոգեց» (Նամակ Տիտոսին 3.5)։ Արդ՝ այն անձը, որ նախապէս հոգեպէս մեռած էր՝ յաւիտենական կեանքի պարգեւը ստացաւ։ Այս հոգեւոր ծնունդը անհրաժեշտ է փրկութեան համար։ Ա՛յս է Հայ եկեղեցւոյ ու- սուցումը եւ հետեւաբար հայ քրիստոնեաներ իրաւամբ վերստին ծնած են։

Այսօր, վերստին ծնած քրիստոնեաներ ակնարկութիւնը կը բնորոշէ այն անձերը, որոնք զգայացունց հոգեվիճակներէ անցած են։ Սա աստուածաշնչական ուսուցում չէ։ Նոր ծնունդը հոգեդարձ մըն է, որ անպայմանօրէն զգացական հոգեվիճակներու ցոլացու- մով չէ պայմանաւորուած։

23.- ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐԸ ՓՐԿՈՒԱԾ ԵՆ

Առարկութիւն..- Ինչո՞ւ Հայ եկեղեցին կ'ուրանայ, թէ հաւատացեալներ փրկուած են։

Պատասխան.- Հայ եկեղեցին չ‟ուրանար, որ հաւատացեալը փրկուած է. այլ` կը մերժէ այն ուսուցումը, թէ անձ մը «ապահովագրած» է իր երկինք երթալը։ Նոր կտակարանին համաձայն, երբ անձ մը Քրիստոսով կը մկրտուի, մեղքի եւ մահուան տիրապետութենէն կը ձերբազատուի ու խաւարի զօրութենէն կ‟անցնի Քրիստոսի թագաւորութեան (Հմմտ. Նամակ կողոսացիներուն 1.13)։ Բայց, տակաւին ան կրնայ մեղքի պատճառաւ սայթաքիլ եւ հեռանալ Քրիստոսէ (Հմմտ. Նամակ եբրայեցիներուն 6.4–6)։ Քրիստոնեաները չեն կրնար ըսել, թէ փրկուած են, մինչեւ որ չժառանգեն Երկինքի թագաւորութիւնը (Հմմտ. Առաջին նամակ Պետրոսի 1.5)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2022, 08:01