Որոնել

Հոգեւոր Տիրոջ Ֆրեզնօ այցելութիւնը եւ աղօթքը` Ֆրեզնոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին մօտ։

«Կ՛աղօթեմ առ Հայր Աստուած, որպէսզի իր շնորհքով այնպէս ընէ որ մենք հայերս անգամ մը եւս ցեղասպանութիւն չապրինք, եւ այդ մէկը չապրի որեւէ որեւէ ուրիշ ազգ» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին ԱՄՆ կատարած Հովուական այցելութիւնը կը շարունակուի եւ Ան, ընկերակցութեամբ տեղւոյն առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի եւ Հայր Անտոն Վրդ. Նորատունկեանի, երկուշաբթի 30 Մայիսի կէսօրէն ետքը ժամանեց Ֆրեզնօ քաղաք, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ, գլխաւորութեամբ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին։

Հոգեւոր Տիրոջ Ֆրեզնօ այցելութիւնը եւ աղօթքը Ֆրեզնոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին մօտ։
Հոգեւոր Տիրոջ Ֆրեզնօ այցելութիւնը եւ աղօթքը Ֆրեզնոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին մօտ։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի համալսարանի տարածքին գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին մօտ, ուր Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ծաղկեպսակ զետեղեց` հայոց նահատակներու անմահ յիշատակին։

Արարողութեան ներկայ էին բացի հիւպատոսէն, Հայկական Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն` Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Կոմիտաս Զոհրապեան, Սբ. Պօղոս եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Եսայի Պետրոս, Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան մարմնի անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտական ներկայացուցիչներ։

Հանդիպումի ընթացքին Հիւպատոս Պերճ Աբգարեանը բարի գալուստի խօսք ուղղեց Հոգեւոր Տիրոջ, որ ապա իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն յիշեց, թէ ինք կը ներկայացնէ ցեղասպանութենէն ետք այն առաջին սերունդը, որ ապրած է զգացումը, թէ ի՞նչ կը նշանակէ մեծնալ առանց մեծ հօր ու մեծ մօր։ «Կ՛աղօթեմ առ Հայր Աստուած, որպէսզի իր շնորհքով այնպէս ընէ, որ մենք հայերս անգամ մը եւս ցեղասպանութիւն չապրինք, եւ այդ մէկը չապրի որեւէ ուրիշ մէկ ազգ», ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ։

Հանդիպումի աւարտին Հոգեւոր Տէրը ներկաներուն շնորհեց իր հայրական օրհնութիւնը։

Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Ժամը 5-ին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետը այցելեց Ֆրեզնօ քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս անուամբ աթոռանիստ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ տեղւոյն առաջնորդ` Գերապայծառ Ճօ Պրէնընի եւ վաստակաւոր եպիսկոպոս Արմանտօ Օչոայի կողմէ որոնց հետ ունեցած եղբայրական հանդիպումէն ետք,  Ան յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ տեղական «Channel 24» կայանին հետ, որուն ընթացքին Ան խօսեցաւ հայերու ընդհանուր իրավիճակի մասին ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափին վրայ անոնց ներկայութեան մասին, ուր ինք ծառայած է երկար տարիներ որպէս Հովիւ։ Հոգեւոր Տէրը միեւնոյն ատեն տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի իրավիճակի մասին, քառասնօրեայ պատերազմէն ետք ու նաեւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն իրավիճակին մասին։

Նուէրներու փոխանակում
Նուէրներու փոխանակում

Երեկոյեան ժամը 7-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ, լատինական Սուրբ Յովհաննէսի անուան աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի, Լատին Եկեղեցւոյ Ֆրեզնոյի Առաջնորդ` Ժոզէֆ Պրենընի եւ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ Հայր Սէլ Կոնզալէսին ու ներկայութեամբ հայ հաւատացեալներուն, գլխաւորեց Ժամերգութեան արարողութիւնը, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ տեղւոյն Եպիսկոպոսին միջեւ նուէրներու փոխանակում, պատգամներ ու պատշաճ ընդունելութիւն, որուն մասնակցեցան նաեւ Ֆրեզնոյի հայ ընտանիքները որոնք առիթը ունեցան մէկիկ մէկիկ ողջունելու Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ անոր հետ ունենալու յիշատակի պատկեր։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ արարողութիւններու աւարտին Հոգեւոր Տէրը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը ուղղուեցան Սան Խօսէ քաղաք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2022, 11:01