Որոնել

1561793285654.JPG

Պետրոս եւ Պօղոս Առաքելապետերու տօնին առիթով Պալիումի յանձնում

Պալիումը կամ եմիփերոնը, երկու մեթր երկայնք ու 25 սմ. լայնք ունեցող ուրար մըն է զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը խաչի հինգ զարդարանք ունի. անոնք կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքը։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ամէն տարի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը, աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կայացած Սուրբ պատարագի ընթացքին Քահանայապետի գլխաւորութեամբ կը կատարուի եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը խորհրդանշող Պալիումի` (Եմիփորոն) յանձնումի արարողութիւնը։

Պալիումը եկեղեցական հաղորդութեան եւ միութեան խորհրդանիշ է։ Պալիումի տուչութեան աւանդութիւնը հաւանաբար առնուած է կայսերական շրջանի աւանդութենէ մը։ Չորրորդ դարէն արդէն հետքեր կան Պալիումի գործածութեան սովորութեան մասին։ Գրիգոր Է. Քահանայապետի օրով ալ , շուրջ 1000 տարիներ առաջ, արդէն պալիումը կը տրուէր նորնտիր Մետրոպոլիտներուն, եպիսկոպոսներու ընտրութիւններու վրայ հսկելու նպատակով։ 70-ական թուականներուն երջանկայիշատակ Պօղոս Զ . քահանայապետին օրով է որ Պալիումի յանձնումի սովորութիւնն ու արարողութիւնը ունեցաւ իր վերջնական ձեւը, եւ որոշուեցաւ զայն յանձնել սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու տօնին օրը , նշելու՝ յատկապէս կապը ու սերտ միութիւնը եպիկոպոսներու ու Սուրբ Աթոռի միջեւ։

Պալիումը կամ եմիփերոնը, երկու մեթր երկայնք ու 25 սմ. լայնք ունեցող ուրար մըն է զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը խաչի հինգ զարդարանք ունի. անոնք կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքը։

Պալիումի գործածութիւնը սկսած է Ե. դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Անիկա կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով ՝ որ կը յիշեցնեն Բարի Հովիւին խաչին վրայ պատճառած վէրքերը։ Պալիում որ ինչպէս ըսինք հիւսուած է լոկ ոչխարի բուրդէ կը տրուի նորընտիր եպիսկոպոսներուն խորհրդանշելու համար անոնց յատուկ կապն ու հաղորդութիւնը առաքելական աթոռին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2022, 08:00