Որոնել

259334237_4605260202846566_3151460772052031457_nAEM.jpg

Հայ եկեղեցւոյ պատասխանները ոչ ուղղափառ առարկութիւններու (8)

Կը ներկայացնենք Գերաշնորհ Նարեկ արք Ալեէմէզեանի «Հայ եկեղեցւոյ պատասխանները ոչ ուղղափառ առարկութիւններու» հատորէն քաղուած հարց ու պատասխանները։ Հեղինակը կը պատասխանէ կրօնական շրջանակներու մէջ դաւանաբանական եւ վարդապետական տարբերութեանց հայող հարցերուն։ Յարմար դատեցինք ձեզի հրամցնել հատորին պարունակութիւնը յապաւումներով։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

13.- ՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔԸ

Առարկութիւն.- Անգամ մը տեսայ, որ հայ քրիս- տոնեայ մը նկարի մը կ'աղօթէր։ Այսպիսի սովորու- թիւն մը խոտոր կը համեմատի Աստուածաշունչի ու- սուցումին։

Պատասխան.- Հայ քրիստոնեաներ նկարներու չեն աղօթեր։ Թերեւս հայ հաւատացեալներ տեսած էք, որոնք նկարներու դիմաց կ‟աղօթեն, բայց՝ ո՛չ թէ նկարներուն։ Աղօթքը կ‟ուղղուի Քրիստոսի, եւ կամ ալ նկարով պատկերուած սուրբին բարեխօսութեան կը դիմուի։ Նկարի մը աղօթելը նախապաշարումի հա- մազօր մեղք մըն է, որ կը դատապարտուի Հայ եկե- ղեցւոյ կողմէ։

 

14.- ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐՈՒՄ

Առարկութիւն.- Հայ քրիստոնեաներ կը ծնրադրեն նկարներու դիմաց եւ կը համբուրեն զանոնք։ Սա Աս- տուծոյ կողմէ անընդունելի, աղաղակող կռապաշտու- թիւն է։

Պատասխան.- Երբ մէկը իր մօր պատկերը համ- բուրէ՝ թուղթի պատառի՞կ մը յարգած կ‟ըլլայ, թէ ոչ մօր հանդէպ ունեցած սէրը արտայայտած։ Կռապաշտ կ‟ըլլանք, երբ առարկայ մը որպէս Աստուած կը պաշ- տենք։ Նախնական ցեղեր եւ հին ժողովուրդներ այդ պատճառով կռապաշտ կոչուած են։

Քրիստոնեաներ երկիւղածութիւն կը դրսեւորեն սրբանկարի մը հանդէպ, որովհետեւ անով կը խոր- հըրդանշուի տուեալ անձ մը։ Սէրն ու բարեպաշտու- թիւնը Քրիստոսի կամ սուրբի մը հանդէպ է, եւ ո՛չ թէ փայտին, թուղթին կամ ներկին։ Յովհան Դամասկա- ցի22 կը գրէ, թէ ինք նիւթը չի՛ պաշտեր, այլ կը պաշտէ Ան՝ որ իր փրկութեան համար նի՛ւթ դարձաւ։ Արդ, Հայ եկեղեցին նկարի մը հանդէպ արտայայտուած պատիւը կը համարէ հոն գծուած անձին հանդէպ սնուցուած յարգանք մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2022, 08:00