Որոնել

Կարդինալ Ծուփփի Կարդինալ Ծուփփի 

Կարդինալ Ծուփփին ընտրուեցաւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ

Իր նշանակումի լուրի յայտարարումէն ետք Կարդինալ Ծուփփին առաջին խօսքերը եղան շնորհակալութիւն յայտնել Քահանայապետին եւ իր եղբայրակից եպիսկոպոսներուն, հաստատելով` որ իր նախագահութեան շրջանը պիտի յատկանշուի սիւհոդոսականութեամբ, միասնական աշխատանքով, առանց մոռնալու աշխարհին տառապանքները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 24 Մայիսին Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 76րդ լիագումար նիստի ընթացքին Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ ընտրուեցաւ Պոլոնիա Թեմին Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփփի, որ կը յաջորդէ Փերուճա թեմի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթիին, որ աւարտեց իր նախագահութեան պաշտօնը։

Կարդինալ Ծուփփիի նշանակումին լուրը ժողովականներուն հաղորդեց նոյնինքն Կարդինալ Պասսեթթին, հաւաքի ընթացքին կարդալով Սրբազան Պապին կողմէ ուղարկուած հրամանագիրը, որով Ան Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ կը նշանակէր Կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփփին, զայն ընտրելով ժողովի կողմէ առաջարկուած երեք եպիսկոպոսներու ընդմէջէն։

Հակիրճ կենսագրական 

Կարդինալ Ծուփփին ծնած է Հռոմ` 11 հոկտեմբեր 1955ին։ Երիտասարդ հասակին առիթը կ՜ունենայ ճանչնալու Սան Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր` Տիար Անտրէա Ռիքքարտին ու կը սկսի յաճախել եւ օգնութեան ձեռք տալ հասարակութեան, անոր աղքատներու եւ լքուածներուն ի սպաս մատուցած ծառայութեան գործի ծիրէն ներս։

22 տարեկանին աւարտելէ ետք Հռոմի Լա Սափիենցա համալսարանի Փիլիսոփայութեան մասնաճիւղը մուտք կը գործէ Փալեսթրինայի թեմական նորընծայարան յաճախելով Լատերանեան Համալսարանը, ուր կը ստանայ Աստուածաբանութեան վկայականը։

Քահանայ կը ձեռնադրուի 9 մայիս 1981-ին։ Երկար տարիներ կը ծառայէ Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ պազիլիքայի որպէս փոխ ժոպվորդապետ, ապա 2000 թուականին կը դառնայ նոյն պազիլիքային ժողովրդապետը միեւնոյն ժամանակ վարելով Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան Եկեղեցական առաջնորդի պաշտօնը, որպէս միջնորդ սատարելով նաեւ Մոզամպիքի մէջ խաղաղութեան գործընթացքին։

2012-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը անոր կը շնորհէ եպիսկոպոսական օծումը զինք անուանելով Հռոմի թեմի օգնական եպիսկոպոս, իսկ 27 հոկտեմբեր 2015-ին Ֆրանչիսկոս Պապը զայն կ՜անուանէ Պոլոնիա թեմին առաջնորդ անոր շնորհելով Արքեպիսկոպոսութեան տիտղոսը եւ ապա 5 հոկտեմբեր 2019-ին զայն կը ներառէ Կարդինալական դասին մէջ։ Կարդինալ Ծուփփին անդամ է Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ինչպէս նաեւ Առաքելական Աթոռի կալուածներու մատակարարութեան Վատիկանեան գերատեսչութիւններուն։

Շնորհակալութիւն Սրբազան Պապին

Իր նշանակումի լուրի յայտարարումէն ետք Կարդինալ Ծուփփին առաջին խօսքերը եղան շնորհակալութիւն յայտնել Քահանայապետին եւ իր եղբայրակից եպիսկոպոսներուն, հաստատելով` որ իր նախագահութեան շրջանը պիտի յատկանշուի սիւհոդոսականութեամբ, միասնական աշխատանքով, առանց մոռնալու աշխարհին տառապանքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2022, 09:00