Որոնել

280559648_5467439599935178_7052334623167671608_n.jpg

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Հոգեւոր Տիրոջ հայրապետական այցը Քալիֆորնիա

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը երկար տարիներ ծառայած է այդ ժողովրդապետութենէն ներս եւ եղած է նաեւ Հայոց մեծ Սուրբին նուիրուած Եկեղեցւոյ շինարարութեան դերակատարներէն մին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ընթացիկ տարուան 25 Մայիսէն մինչեւ 5 Յունիս Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայրապետական առաջին այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի այցելէ Քալիֆորնիոյ  Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնները, հանդիպում ունենալով պատկան մարմիններու եւ հաւատացեալներուն հետ։

Հոգեւոր Տիրոջ գրեթէ տասը օր տեւող հովուապետական այս այցելութեան օրակարգը կը նախատեսէ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւն` Կլէնտէլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ ի ներկայութեան տեղւոյն առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանին, կղերական դասին ու հայ կաթողիկէ հաւատաւոր ժողովուրդին։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը երկար տարիներ ծառայած է այդ ժողովրդապետութենէն ներս եւ եղած է նաեւ Հայոց մեծ Սուրբին նուիրուած Եկեղեցւոյ շինարարութեան դերակատարներէն մին։

Երկրորդ օրը Հոգեւոր Տէրը հայրապետական պատարագ պիտի մատուցէ նոյն եկեղեցւոյ մէջ որով սկիզբ կու տայ Հովուապետական այցին, որ զինք պիտի առաջնորդէ նաեւ դէպի ֆրեզնօ, Սան Խօսէ եւ Սան Ֆրանսիսքօ, ապա Սան Տիեկօ։

Հովուական այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է հուսկ պաշտօնական ընթրիք ի պատիւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ, ապա պատարագ` Լոս Անճելըսի Մարտիրոսներու Թագուհի Տիրամօր նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2022, 14:11