Որոնել

IMG_0977.jpg

Հաղորդակցիլ կը նշանակէ յարաբերութիւններ կառուցել. Փաոլօ Ռուֆֆինի

25էն 29 Մայիսին Ռիեթիի մէջ տեղի ունեցող փառատօնը կը վերաբերի պաշտօնական շէնքերէն անդին հաղորդակցութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Անցեալ չորեքշաբթի օրը՝ 25 Մայիսին Ռիեթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հաղորդակցութիւններուն նուիրուած փառատօնի բացումը՝ կազմակերպուած Սուրբ Պօղոսի հասարակութիւն միաբանութեան կողմէ: Փառատօնը կ’աւարտուի կիրակի՝ 29 Մայիսին:

«Նորութիւններ և ոչ միայն, պաշտօնական պալատներէն անդին և դուրս: Լսելով մարդիկը, ծառայելով եկեղեցիին և հասարակութեանը». Այս թեմայի շուրջ ծաւալուած փառատօնը ոգեշնչուած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային օրուան 2022ի պատգամէն:

Եկեղեցւոյ հաղորդակցութիւն

Փառատօնին բանախօսութեամբ հանդէս եկած է Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի կառավարիչ Փաոլօ Ռուֆֆինին: «Ոչ մի պաշտօնական հաստատութիւն ինքն իրեն չի ներկայացեր որպէս «պալատ»՝ յատկապէս Եկեղեցւոյ համար, քանի եթէ այդպէս ընէ ան կը ստեղծէ բաժնող պատ և կը դառնայ չը հաղորդակցելու միջոց», - բացատրած է Ան շեշտելով, որ հաղորդակցութիւնը լաւապէս կը գործէ, երբ «աւելի շատ հիմնուի յարաբերութիւններու, քան տեղեկատւութեան վրայ», զայն պէտք չէ հիմնել գովազդի կամ շուկայական ծաւալումի այլ ուղղակի վկայութիւններու վրայ:

Լսելով դիմացինը

Փառատօնը, ինչպէս նշեցինք վերը, կ’առաջնորդուի Ֆրանչիսկոս Պապի Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային 56-րդ Օրուայ կապակցութեամբ ուղերձով: Այս տարուայ թեման է «Ունկնդրել սրտին ականջներով», որ կ’ընդգծէ լսելու ունակութիւնը, որպէս լաւ լրագրութեան հիմքերէն մին։ Ռուֆֆինին այս կապակցութեամբ շեշտած է, որ «Լսելը կը ներառէ նաև լռութիւնը: ... Իրար լսելու և լռելու ունակութիւնը, զի հետեւիլ չի մտածուած խօսքերու աղմուկին այլ հնարաւոր յարաբերութիւններ կառուցել, որուն գեղեցկութիւնն ինքը հաղորդակցութիւնն է»:

Սուրբ Պօղոսի հասարակութիւնը կրօնական միաբանութիւն մըն է, որուն հիմնադիրը եղած է Երանելի Հայր Ճաքոմօ Ալպերիոնէն` (1914ին)։ Անոր անդամները, որոնք յայտնի են որպէս Պօղոսեան միաբանութիւն, հաւատարիմ են հիմնադիրի կողմէ իրենց վստահուած քրիստոնէական ուղերձը տարածելու առաքելութեանը՝ օգտագործելով մարդուն հաղորդակցութեան համար հասանելի բոլոր արհեստագիտական միջոցները: Ներկայ են 30 երկիրներու մէջ։ Գործունէութեան ոլորտներէն են՝ գրահրատարակչութիւն, լրագրութիւն, հեռուստատեսութիւն, ռատիօ, ուսումնական, հետազօտական և վերապատրաստման կենտրոններ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2022, 12:00