Որոնել

AdobeStock_87239392.jpeg

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ՂԶ)

Այսօր մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք շարականներու խազագրութեան և զանոնք կրկին ընթեռնելու աշխատանքներուն:

ՂԶ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօր մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք շարականներու խազագրութեան և զանոնք կրկին ընթեռնելու աշխատանքներուն: 

 

Հայ Եկեղեցւոյ աւանդական շարականներու երաժշտութիւնը մինչեւ ԺԹ. դար սերունդէ սերունդ փոխանցուած է բանաւոր կերպով, միեւնոյն եղանակի տեղային բազմաթիւ տարբերակներ կամ երգուածքներ յառաջացնելով հայկական տարբեր գաղթօճախներու մէջ: Առ այս՝ ԺԹ. դարուն, հայկական խազերը կրկին ընթեռնելու բազմաթիւ փորձեր կատարուեցան, նախ՝ երաժշտագէտ Համբարձում Լիմոնճեանի (1768-1839) կողմէ Պոլսոյ մէջ, իսկ յետագային, Կոմիտաս Վարդապետի կողմէ: Պապա Համբարձումը եկեղեցական երգեցողութեան դասատու էր Պոլսոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ վարժարանին մէջ:

Տիւզեան մեծահարուստ գերդաստանը զայն կը պահէր իր հովանիին տակ, անոր ապահովելով նիւթական և կենցաղային պայմաններ: Տիւզեաններու պալատը ժամադրավայրն էր եւրոպացի և տեղացի արուեստագէտներու և երաժշտագէտներու, ուր Լիմոնճեան առիթ կ'ունենար շփուելու արեւմտեան երաժշտութեան հետ: Պապա Համբարձում մօտէն ծանօթ ըլլալով յոյն եկեղեցական երգեցողութեան, իր այս ծանօթութիւնը կ'օգտագործէ հայկական հին խազերուն նոր նշանակութիւն տալու՝ զանոնք յունական խազանշաններուն յարմարցնելով: Ան առաջին հերթին՝ յունականին նման՝ 14 խազեր կ'ընտրէ ու այդ նոր խազանիշերով՝ գրի կ'առնէ Պոլսոյ մէջ երգուող հայ հոգեւոր երգերու և շարականներու եղանակներուն մեծ մասը:

Ի դէպ՝ Լիմոնճեանի յաջորդները յետագային այդ 14 խազերը եօթնի կը վերածեն, եւրոպական խազերու նմանութեամբ: Այս եօթը խազերը կը կոչուին. Փուշ, էկորճ, վերնախաղ, բէկորճ, խոսրովային, ներքնախաղ, պարոյկ, որոնք ձեւականօրէն հայկական խազերն էին, պահելով հանդերձ եւրոպական տօ-րէ-մի-ֆա-սոլ-լա-սի ձայնանիշներու եղանակը: Մեծ Եղեռնէն ետք, Պապա Համբարձումի այս խազերը մոռացութեան մատնուեցան՝ եւրոպական խազերուն որդեգրումով: Կո­մի­տաս վար­դա­պետ (1869-1935), քսան տա­րի ու­սում­նա­սի­րած է Հայ եկե­ղեց­ւոյ խա­զե­րը (neumes), աչքի առջեւ ունենալով Թ. դա­րէն մին­չեւ ԺԹ. դա­րու Հայկական ձե­ռագիր­նե­րը, որոնք երաժշ­տա­կան թանկագին գաղտնիքներ կը պա­րու­նա­կէին և մթին կէտեր կը բացայայտէին: Խորքին մէջ, Կոմիտասի նպատակն էր վեր­ծա­նել Ժ. դա­րու երկրորդ կէ­սէն ի վեր մոռաց­ութեան ենթարկուած հայկական խա­զե­րը և այսպէս մեր հին եղա­նակ­նե­րը երեւան հանել:

Արդարեւ, ան հին ձե­ռա­գիր­նե­րէն եօ­թա­նա­սու­նէն աւե­լի խա­զեր կը յայտանաբերէ, այսինքն՝ մէկ եր­րորդը հասկ­նալի էր իրեն համար, անոնց ար­ժէ­քը մասամբ պար­զելով: Արդարեւ, Կոմիտասի համաձայն՝ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ խա­զե­րը կարելի է բաժ­նել երեք դա­սի. առո­գա­նու­թեան նշան­ներ, կէ­տադ­րու­թեան նշան­ներ եւ  եր­գե­ցո­ղու­թեան նշան­ներ: Ան հետեւեալ հարցադրումը կատարած է. «Մեր Հայ­կա­կան խա­զե­րու (ձայ­նա­նիշ­նե­րու) թիւը 50-ի կը հաս­նի, այս­քան նո­թա չկայ եր­գե­ցո­ղու­թեան մէջ, որ միայն եօթը ձայն գի­տէ: Ին­չու՞ Հա­յե­րը այս­քան խազ հնա­րած են: Ես կը կար­ծեմ, որ այս 50 խա­զե­րու մե­ծա­գոյն մա­սը կը ներ­կա­յաց­նէ տո, րէ, մի, ֆա քառ­եա­կը մի­ա­սին կամ մէկ ու­րիշ խազ կը նշա­նա­կէ ֆա, մի, րէ, տօ քառ­եա­կը»:

Արդ, խազերու բազմազանութիւնը ցոյց կու տայ հայ եկեղեցւոյ երաժշտութեան հարստութիւնը, ինչ որ կը վկայեն մեր տօնական օրերու շարականներու հանդիսաւորութիւնը: Կոմիտաս կը սպա­սէր Թո­խա­դէն ստա­նա­լու շատ կա­րե­ւոր ձե­ռա­գիր խազ­գիրք մը, որուն միջոցաւ յոյս ու­նէր հին խա­զե­րու ամ­բողջ բա­նա­լին իր աչքին առջեւ ու­նե­նալ: Սակայն դժբախտաբար Մեծ Եղեռնը կասեցուց վարդապետի ծրագրին իրականացումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2022, 08:40