Որոնել

AdobeStock_87239392.jpeg

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ՂԵ)

Այսօր մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ խազային աւանդութեան:

ՂԵ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօր մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ խազային աւանդութեան:

 

Երաժշտութիւնը աննիւթական արուեստ ըլլալով՝ եթէ չ'արձանագրուի՝ օդին մէջ կը ցնդի: Արեւելքի հին քաղաքակրթութիւնները ինչպէս Բաբելոն, Հնդկաստան, Չինաստան երաժշտութիւնը գրի առին գրաւոր նշաններ հնարելով,  որոնք խազ կամ «նեումա» կոչուեցան, որպէսզի զանոնք պահպանեն և յաջորդ սերունդներուն փոխանցեն: Հայոց պարագային՝ անցեալին, հոգեւոր երգերը երբեք չեն անշարժացած երաժշտական ձայնագրութեամբ, քանի որ հայկական խազագրութիւնը պարզապէս նպաստած է միայն ցուցմունքներ տալու, որ այդ ժամանակ բանաւոր կերպով փոխանցուած է սերունդէ սերունդ, նոյնիսկ եթէ խազագրութիւնը զարգացած համակարգ մը կը համարուէր։ Արդ, տրուած ըլլալով որ խազանշաններուն մէջ կայ օրինակ «ստորակէտ» կոչուածը, որ կը նշանակէ նախորդ ձայնէն մէկ աստիճան վեր նօթը կամ ձայնը. նոյնպէս «կէտ» կոչուածը որ կը նշանակէ անոր մէկ աստիճան վար նօթը կամ ձայնը. բայց և այնպէս խազերը նշաններ են, որոնք ցոյց կու տան միայն եղանակի մը ելեւէջները: Եւրոպան է որ առաջին անգամ կը յաջողի իւրաքանչիւր ձայնի իր յատուկ ձայնանիշը գտնել ու երաժշտութիւն մը գրառել: Եւրոպայի մէջ երաժշտութիւն մը ստորաբաժնուեցաւ եօթը ձայնանիշերու. Տօ, րէ, մի, ֆա, սոլ, լա, սի, որոնք իրենց հերթին նշանակուեցան լատիներէն այբուբենի առաջին եօթը գիրերով. Ջ – լա, Զ –սի, Չ- տօ, Գ – րէ, Բ – մի, Ե –ֆա, Ա –սոլ:  Սակայն ցոյց տալու համար ձայնի մը ցած կամ բարձր ըլլալը, Եւրոպան էջը բաժնեց քանի մը գիծերով: Այդ օրերու փետուրի գործածութիւնը իբր գրիչ՝ բարակ խազերը դարձուց քառակուսի: Եւրոպան խազագրութեան մարզէն ներս ըրաւ ինչ որ անցեալին Փիւնիկէն ըրած էր այբուբենի պարագային. իւրաքանչիւր հնչիւնին տալով իր յատուկ գիրը:  Այս առաւելութեան շնորհիւ՝ եւրոպական երաժշտութիւնը զարգացաւ ու տիրեց աշխարհին: Յունական խազագրութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկականը մնացին նախնական, բնաւ չգրելով եղանակի մը ամբողջական ձայները: Ը. դարուն, Ս. Յովհաննէս Դամասկացին հանդիսացած է յոյն երաժշտութեան վերանորոգիչը: Յոյն եկեղեցական ոսկեդարը համարուած է 8-էն 13 դարաշրջանը, որ կը զուգադիպի նաեւ հայկական երաժշտութեան ոսկեդարին հետ, որովհետեւ 9-րդ դարէն ձեռագիրներ կան, որոնք կը կրեն խազանշաններ, փաստելով հայ խազերու գոյութիւնը: Յոյն երաժշտական դրութիւնը այդ շրջանին կը բաղկանար ութ ձայներէ, ինչպէս ըսինք. Չորս բուն, չորս կցորդ, որոնք կը պահպանէին իրենց հին անունները. Դորական, լիդիական, փրիւգեան և միսոլիական: Աւելի ճշգրիտ գրառում մը ապահովելու համար, յոյն երաժշտութիւնը մշակեց նորանոր նշաններ: Հայկական խազերը նօթաներ չեն, այլ եղանակ մը նշանակող նշաններ. «Մեր ազ­գա­յին խա­զե­րը որ­չափ ալ եղա­նա­կը գիտ­ցո­ղին կ'օգ­նեն յի­շե­լու եր­գին ժա­մա­նակն ու ելե­ւէջ­նե­րը, սա­կայն եղա­նա­կը չգիտ­ցո­ղը չի կրնար անոնց ու­ժո­վը չսոր­ված եր­գը եր­գել» կ'ըսէ Կոմիտաս: Խազերը ուղեցոյց մըն են ըստ ոմանց, և ոչ թէ ճիշտ ձայնանիշը հաղորդող: Շարականի եղանակը ցոյց տալէ աւելի ութ ձայներուն գիտակից մէկը միայն կրնայ հետեւիլ խազերու ցուցմունքներուն, այլապէս անոնք ի զօրու չեն մեզի բուն եղանակը տալու: Այսպէս, անոնք կը նմանին եւրոպական արդի խազերուն, որոնք բան չեն նշանակեր առանց իրենց գիծերուն: Սպիրիդոն Մելիքեանի համաձայն՝ Շարականի խազերը մինչեւ ԺԵ. դար գործածուելէ ետք, ժամանակի ընթացքին կորսնցուցին իրենց ընթերցումի բանալին: Անոնց ճշգրիտ նշանակութիւնը աղաւաղուած ըլլալով՝ մոռացութեան ենթարկուած են. այնպէս որ ԺԷ. դարու սկիզբէն արդէն ոչ ոք կրնար անոնց նշանակութիւնը բացատրել:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2022, 07:59