Որոնել

Կուտալուփէի Տիրամայրը Կուտալուփէի Տիրամայրը  (Vatican Media)

«Մարիամ եւ արմատական ֆէմինիզմը». Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Աստուածամայրը հոգեւոր պատերազմի իրականութեան հետ առնչուող ամենահզօր ռազմուհին է։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Վարդարան աղօթելը, ինչպէս նաեւ սէր ու բարեպաշտութիւն ցուցաբերելը ամենասրբուհի Մարիամին, քրիստոնեայ հաւատացեալին  ամենազօր պաշտպանութիւնն է ընդդէմ ներկայ աշխարհի ցնորին երեւոյթներու:  Ինչպէս նախորդ պատգամովս փոխանցած էի, թէ Աստուածամայրը հոգեւոր պատերազմի իրականութեան հետ առնչուող ամենահզօր ռազմուհին է: Վերոյիշեալ երեւոյթներէն են արմատական ֆէմինիզմը (féminisme radical): Նախորդ դարասկիզբէն ի վեր մտածելակերպ մը յայտնուած է իգական սեռին մօտ ( ինչպէս նաեւ այր մարդոց), թէ կինմարդը տղամարդուն հաւասար է: Սխալ չհասկցուելու համար բացայայտեմ, որ այո՝ հաւասար է, բայց նոյնը է: Սոյն մտածելակերպի տէրերը հաւասարութեան անունին ներքեւ միանմանութիւն կը քարոզեն: Այսինքն՝ կինը միանման է տղամարդուն. կրնայ անոր նման հագնիլ, վարուիլ, մարզական բնագաւառի մէջ կրնայ նոյն խաղերու մասնակցիլ եւ ամենավտանգաւորը՝ ընտանիքը անտեսել ի սէր ասպարէզի: Կինմարդը պէտք չէ իր կեանք «աւերէ» ընտանիքը խնամելով. այլ պէտք իր աշխատանքային կեանքը գերազանց նկատէ քան իր մայրական առաքելութիւնը:

Այս արտասովոր երեւոյթին ընդդէմ ունինք Ս. Կոյսը: Ան երկնքի եւ երկրի թագուհին է. եկեղեցւոյ հայրերու եւ սուրբ ճգնաւորներու ու վարդապետներու բարեպաշտութեան առարկան է: Բոլորը կը խոնարհին իրէն առջեւ եւ անոր բարեխօսութիւնն ու աջակցութիւնը կը խնդրեն: Ահաւասիկ կին մը՝ մարդկային ցեղէն, ընտրուած Ամենակալին կողմէ ըլլալու Աստուածամայր (Théotokos)՝ Աստուած կրող: Անոր համար Ս. Կոյսի նկարները ընդհանրապէս պատկերացուած են Յիսուս մանուկը գրկած: Այս բոլորը, որովհետեւ Մարիամ հաճեցաւ մայր ըլլալ, եւ Ս. Ընտանիքը խնամել: Անգլիացի քրիստոնեայ ջատագով՝ Սի Էս Լուիս կը գրէ. Մայր ըլլալը ամենավսեմ պաշտօնն է: Բոլոր միւս պաշտօնները գոյ են սպասաւորելու  այս ազնիւ գործին:

Ամերիկացի քարոզիչ՝ Ատրեան Ռոճըրզ  կը նշէ՝ Կինմարդ ամբողջովին գերակայ է տղամարդուն՝ կին ըլլալով:

Մարիամ իր մայրական օրինակով կու գայ ֆէմինիզմ շարժումին վերոյիշեալ արտասովոր ըմբռնումը խորտակելու: Ան անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը պէտք չէ եղծել: Մարիամ ինք իգական սեռին պատկանելով, կը պատերազմի ընդդէմ նման գաղափարախօսութիւններու, պաշտպանելու համար ընտանիքը, որու դէմ մարդկութեան թշնամին այնքան կատաղի պատերազմ կը մղէ:

Հետեւաբար միշտ աղօթենք վարդարանը, որպէսզի Ս. Կոյսը մեր կողքին պատերազմի այս պատերազմը: Եւ մենք քաջ գիտենք, որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, ընդառաջելով իր մօր բարեխօսութեան, պիտի տայ մեզի յաղթանակը աշխարիկ որեւէ այլասեռութիւններու դէմ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2022, 09:35