Որոնել

_DSC0699.jpg

Ամեն. և Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին այցը Եգիպտոս

Կիրակի, մայիս 15-ին, երեկոյեան ժամը՝ 6:30-ին Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ Ամեն. և Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին
Ունկնդրէ լուրը

«Շաբաթ 14 Մայիսի երեկոյեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մեկնեցաւ Գահիրէ՝ ուղեկցութեամբ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի Ընդհանուր ժողովի նիստերուն». Լուրը կը հաղորդէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջը։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ Եգիպտոսի այցելութեան ծիրէն ներս Հոգեւոր Տէրը պիտի այցելէ Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Գահիրէի թեմ, ուր Կիրակի, Մայիս 15-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մասր ըլ-Ժետիտէի Սուրբ Թերեզայի եւ Յիսուս Մանկան եկեղեցւոյ մէջ  հանդիսապետեց Սուրբ պատարագին։

Յայտնենք թէ չորս տարին անգամ մը գումարուող Մ.Ա.Ե.Խ.ի կը մասնակցին Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները։ Ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2022, 07:45