Որոնել

Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի Ղապրոյեան Կաթողիկոս Պատրիարքին վախճանման տարելիցի պատարագ

Պատարագը մատուցեց, պատրիարքական փոխանորդ, Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եւ խումբ մը քահանաներ ու սարկաւագներ, ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. Ղապրոյեանի, վախճանման տարելիցին առիթով, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.  Մինասեան նախագահեց այս առթիւ տեղի ունեցած Սուրբ պատարագին և հոգեհանգստեան արարողութեան՝ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ – Ժէյթաուի:

Պատարագը մատուցեց, պատրիարքական փոխանորդ, Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եւ խումբ մը քահանաներ ու սարկաւագներ, ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Գերապայծառ Ասատուրեան
Գերապայծառ Ասատուրեան

Աւետարանի ընթերցումէն ետք, օրուան իր քարոզին մէջ, Գերապայծառ Ասատուրեան ըսաւ.

«Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Այս Ս. Եւ Անմահ պատարագ կը մատուցանեմ հանգուցեալ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքն հոգւոյն համար, որ մեզ թողուց տարի մը առաջ, իր Տիրոջ հետ ըլլալու համար: Անոր համար արժանապէս կարելի է ըսել՝ «բարի պատերազմը պատերազմեցաւ, ընթացքը աւարտեց եւ հաւատքը պահեց» (Բ. Տիմ. 4:7): Կ’աղօթենք այն անխոնջ հոգեւոր գործիչին համար, որ 62 տարիներ շարունակ, ծառայեց հայ Կաթողիկէ համայնքին. իբրեւ՝ դաստիարակ, հոգեւոր հայր, աշակերտներու տեսուչ, կազմակերպող վարչական, առաջնորդ եւ պատրիարք. այդպիսով ներկայանալու որպէս եկեղեցական տիպար մը: Կեանքին վերջին 6 ամիսներուն, զորս հիւանդանոցին մէջ անցուց, շարունակեց հետաքրքրուիլ եւ աշխատիլ ամոքելու համար իր համայնքի զաւակներուն ցաւերը եւ հասնելու անոնց կարիքներուն: Եւ այս մէկը կատարեց մեծ ուրախութեամբ: Իր այս առաքելութիւնը կատարած ժամանակ, ան պայքար կը մղէր իր հիւանդութեան հետ, դիմադրելով անոր պատճառած ցաւերուն ու տկարութիւններուն: Ի վերջոյ ան արդարօրէն արժանացաւ աստուածային անթառամ պսակին:

Սիրելիներ,

Այսօրուայ աւետարանը մեզի կը խօսի բարի հովիւին մասին: Անշուշտ հովիւը ինքը Քրիստոսն է, որ իր կեանքը տուաւ իր ոչխարներուն համար:

Գործ առաքելոց գիրքը մեզի կը նշէ, որ «Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ» ( Գործք. 4:12): Մէկ է փրկութիւնը, որ մեզի կու գայ Քրիստոս Յիսուսով: Ան է բարի հովիւը, որ իր կեանքը տուաւ, որպէս փրկագին իր հօտին համար: Հանգուցեալ հոգեւոր տէրը, հետեւելով իր Տիրոջ օրինակին, իր կեանքը տուաւ Աստուծոյ փառքին, ինչպէս նաեւ իր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին բարօրութեան համար:

Մենք, որպէս հայ կաթողիկէ քրիստոնեաներ, հպարտ ըլլալու ենք մեր հանգուցեալ հոգեւոր տիրոջ օրինակով: Ան, որ Ս. Պօղոսի բառերով մեզի կ’ըսէ՝ «նմանեցէք ինծի, ինչպէս ես կը նմանիմ Քրիստոսի»:

Յովհանու աւետարանին մէջ Յիսուս կ’ըսէ՝ «Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը» (Յովհ. 6:39): Բարի Հովիւն էր, որ պահեց իր հօտը, եւ զայն կատարեց ի գին իր կեանքին: Այս օրինակին մարմնացումն էր մեր հանգուցեալ հոգեւոր տէրը: Մինչեւ վերջին վայրկեան աշխատելով իր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին համար:

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ

Աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ մեզի շնորհէ բարի հովիւիներ: Ինչպէս նաեւ մեր մաղթանքն է, որ ամենակալ Աստուած շարունակէ շնորհել մեզի սուրբ հովիւներ իր նմանութեան համաձայն:

Սիրելի հոգեւոր տէր, մեզ յիշէ երկնային քու բարձունքէն, որպէսզի մենք ալ հետեւինք մեր Տիրոջ եւ Բարի Հովիւին օրինակին:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ»

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջ

Արարողութեան մասնակիցներ
Արարողութեան մասնակիցներ

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2022, 07:20