Որոնել

d1140f33-9052-4865-8b88-5f87024db879.jpg

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին մասնակից հոգեւոր պետերը այցելեցին Նախագահ Ալ Սիսին

Նախագահը շեշտեց քրիստոնեայ ու իսլամ քաղաքացիներուն համահաւասար իրաւունքներ վայելելու հրամայականը շրջանէն ներս եւ քաղաքացիական նոյն պարտաւորութիւնները ունենալու կարեւորութիւնը՝ Միջին Արեւելքին մէջ խաղաղութեան ու բարգաւաճման հաստատման գծով:
Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2022-ին, Եգիպտոսի նախագահ Ապտ Ալ-Ֆաթթահ Ալ-Սիսի ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) 12-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերու այցելութիւնը, Գահիրէի նախագահական պալատին մէջ:

Նախագահ Ալ-Սիսի ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց համաժողովը Եգիպտոսի մէջ գումարելու որոշումին համար: Ան հանդիպման ընթացքին անդրադաձ կատարեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան անհրաժեշութեան եւ ընդգծեց, թէ քրիստոնեայ քաղաքացիները անբաժան մասնիկը կը կազմեն արաբական հասարակութեան: Իր խօսքի աւարտին, նախագահը շեշտեց քրիստոնեայ ու իսլամ քաղաքացիներուն համահաւասար իրաւունքներ վայելելու հրամայականը շրջանէն ներս եւ քաղաքացիական նոյն պարտաւորութիւնները ունենալու կարեւորութիւնը՝ Միջին Արեւելքին մէջ խաղաղութեան ու բարգաւաճման հաստատման գծով:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2022, 08:16