Որոնել

santa rita SUBIR.jpg

Սրբուհի Ռիթայի ուխտի օրը Քեսապի Ս. Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ

Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ կարմիր վարդերու եւ Սրբ. Վարդարաններու օրհնութիւն եւ Սրբ. Ռիթայի մասունքի նշխարհամբոյր։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալի պիտի նուիրուի կարմիր վարդ մը եւ Սրբ. Վարդարան որպէս նուէր։
Ունկնդրէ

Քեսապի Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ դիմատետրէն կը տեղեկանանք որ յառաջիկայ Կիրակի՝ 22 Մայիս 2022-ին Սրբուհի Ռիթայի ծիսական տօնին առիթով նախատեսուած է Սրբուհիին նուիրուած ուխտի օրը։

«Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Սրբուհի Ռիթայի տօնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ 22 Մայիս 2022-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ», կը կարդանք դիմատետրի վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա նշուած է թէ «երեկոյեան ժամը 6։00-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցանէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզը պիտի ներկայացնէ տեղւոյն ժողովրդապետ՝ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանը»։

Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ կարմիր վարդերու եւ Սրբ. Վարդարաններու օրհնութիւն եւ Սրբ. Ռիթայի մասունքի նշխարհամբոյր։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալի պիտի նուիրուի կարմիր վարդ մը եւ Սրբ. Վարդարան որպէս նուէր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2022, 09:33