Որոնել

Մաթեր Էքլեզիէ սրբապատկերը Մաթեր Էքլեզիէ սրբապատկերը 

Աստուածամօր նուիրուած ամիսը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ

Ամբողջ մայիս ամսուայ ընթացքին նախատեսուած են շարք մը արարողութիւններ՝ տօնելու համար Սուրբ Կոյս Մարիամը։

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մայիս ամիսը Աստուածամօրը նուիրուած ամիս է: Այս առիթով Հռոմի Թեմը և Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի ժողովրդապետութիւնը կազմակերպած են շարք մը արարողութիւններ՝ տօնելու համար Սուրբ Կոյս Մարիամը, Տաճարին մէջ մեծարուած «Mater Ecclesiae» սրբապատկերի յատուկ կոչումով։

Ամբողջ մայիս ամսուայ ընթացքին ժամանակացոյցը կը նախատեսէ.

- Չորեքշաբթի օրերուն ժամը 16ին, Սուրբ Պետրոս տաճարի նախագաւիթին մէջ շարք մը աղօթքներ՝ նուիրուած Աստուածամօր, որոնց աւարտին ժամը՝ 17.00-ին կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։

- Շաբաթ օրերուն, երեկոյեան ժամը 21.00-էն մինչև երեկոյեան 22.00-ը, Վատիկանի Պետութեան երբեմնի տեղապահ կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիի մասնակցութեամբ վառուած ջահերով երթ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ՝ «Mater Ecclesiae» սրբապատկերի եւ Սուրբ Վարդարանի աղօթքի ուղեկցութեամբ:

Յայտնենք թէ «Mater Ecclesiae» խճանկարը պատկերուած է Սուրբ Պետրոս տաճարի արտաքին սիւնի մը վրայ: Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ն 1981 թուականին՝ մահափորձէն քանի մը ամիս ետք, օրհնած է «Mater Ecclesiae»ի պատկերը՝ խնդրելով, որ «բոլոր անոնք, որոնք կու գան Սուրբ Պետրոս հրապարակ, իրենց հայեացքը բարձրացնեն դէպի Անոր, այնտեղ  որդիական վստահութեան զգացումներով ուղղելու համար`անձնական ողջոյնը և աղօթքը»:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ մի քանի ամիս առաջ Սիւնհոդոսական ուղիի բացումը, «Mater Ecclesiae»-ի մէջ կը գտնէ Եկեղեցւոյ համար այն ներշնչումը, որ Սուրբ Հոգիի միջոցաւ կը թարմացնէ առաքեալներուն միսիոներական խանդավառութիւնը և կը ներկայացուի որպէս Քրիստոսի ետեւէն միասին քալելու օրինակ, այնպէս ինչպէս նոյնինքն Տիրամայրը այս մէկը ցոյց կու տայ  Աւետարանին մէջ ըսելով. «ըրէք, այն ինչ որ ձեզի կը հրամայէ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2022, 13:15