Որոնել

259334237_4605260202846566_3151460772052031457_nAEM.jpg

Հայ եկեղեցւոյ պատասխանները ոչ ուղղափառ առարկութիւններու (9)

Կը ներկայացնենք Գերաշնորհ Նարեկ արք Ալեէմէզեանի «Հայ եկեղեցւոյ պատասխանները ոչ ուղղափառ առարկութիւններու» հատորէն քաղուած հարց ու պատասխանները։ Հեղինակը կը պատասխանէ կրօնական շրջանակներու մէջ դաւանաբանական եւ վարդապետական տարբերութեանց հայող հարցերուն։ Յարմար դատեցինք ձեզի հրամցնել հատորին պարունակութիւնը յապաւումներով։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

15.- ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Առարկութիւն..- Աստուածաշունչին վրայ հիմնուե- լով, չեմ կրնար Եկեղեցւոյ սա կամ նա որոշումը ընդու- նիլ։

Պատասխան.- Եթէ Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնն ու անսխալականութիւնը չես ընդունիր, ինչպէ՞ս կրնաս Աստուածաշունչին հեղինակութիւնն ու անսխալա- կանութիւնը ընդունիլ։ Եկեղեցին էր, որ ճշդեց Աստ- ուածաշունչը բաղկացնող գիրքերը։ Երբ Նոր կտակա- րանը կը խմբագրուէր, շատ մը «աւետարան»-ներ եւ գրութիւններ կային, որոնք առաքելական հեղինակու- թիւն կը համարուէին։ Եկեղեցին մերժեց ասոնցմէ ան- հարազատները եւ ընդունեցաւ անոնք, որոնք վաւե- րականօրէն առաքելական էին եւ աստուածային ներ- շնչումով գրուած։ Եթէ Եկեղեցին նկարներու մեծա- րումը որդեգրելով սխալ գործեց, ուրեմն Աստուա- ծաշունչի կանոնի կազմութեան մէջ եւս սխալ գործեց։ Հետեւաբար այս տրամաբանութեամբ, առանց Աստ- ուածաշունչի եւ առանց Եկեղեցւոյ կը մնանք։

Քրիստոս խոստացաւ ամբողջական ճշմարտու- թեան առաջնորդել Եկեղեցին, որ մա՛հն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկարենար յաղթահարել (Հմմտ. Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 16.13, Աւետա- րան ըստ Մատթէոսի 16.18)։

 

16.- Ս. ԽԱՉԻ ՄԵԾԱՐՈՒՄ

Առարկութիւն.- Ինչո՞ւ հայեր խաչը կը համբուրեն միշտ։

Պատասխան.- Հայ քրիստոնեաներ կը մեծարեն Սուրբ խաչը, որովհետեւ անով մեր փրկութիւնը իրա- գործուեցաւ։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ.- «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Նամակ գաղատացի- ներուն 6.14)։ Քրիստոսով խաչը դարձաւ զոհողու- թեան եւ փրկագործութեան խորհրդանիշ։ Հայ եկե- ղեցւոյ Սուրբ խաչի նուիրուած շարականները այն- քա՜ն գեղեցկօրէն կը բանաձեւեն այս ճշմարտութիւնը, որ հայ հաւատացեալը իր սէրն ու երկիւղածութիւնը ֆիզիքապէս եւս զուգորդելով անոր` կը համբուրէ Սուրբ խաչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2022, 08:15