Որոնել

3-3-copy--rsz.jpg

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) համաժողովը ունեցաւ իր եզրափակիչ նիստը

Համաժողովի եզրափակիչ նիստին կատարուեցաւ ընդհանուր յայտարարութիւն, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքէն ներս տիրող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու անհրաժեշտութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 20 Մայիս 2022-ին, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) համաժողովը ունեցաւ իր եզրափակիչ նիստը: Չորս օր առաջ «Մի՛ վախնաք, ես եմ» աւետարանական բնաբանով ընթացք առած համաժողովը նախ լսեց հոգեւոր պետերու պատգամները: Անոնց յաջորդեցին համաժողովի բնաբանին շուրջ խորհրդածութիւնն ու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին զեկոյցը եւ վերջինը լայնօրէն քննարկուեցաւ ժողովականներուն կողմէ: Խորհուրդի բաժանմունքները ներկայացուցին իրենց զեկոյցները, որոնք դարձեալ քննարկուեցան նախ խումբերու եւ ապա համաժողովի ընդհանուր նիստերու ընթացքին: Բնականաբար եղան քննադատութիւններ, տեսակէտներու փոխանակում եւ յառաջիկայ աշխատանքներու յստակացում: Համաժողովի վերջին օրը ընտրուեցաւ նոր Գործադիր Վարչութիւն, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ անդամ վերընտրուեցան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան:

Համաժողովի եզրափակիչ նիստին կատարուեցաւ ընդհանուր յայտարարութիւն, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքէն ներս տիրող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու անհրաժեշտութեան:

Յայտնենք, որ Մ.Ա.Ե.Խ.ը կը բաղկանայ շրջանի չորս եկեղեցական ընտանիքներէ.-Արեւելեան Ուղղափառ, Ուղղափառ, Կաթողիկէ եւ Բողոքական: Խորհուրդի բոլոր կառոյցներուն ու յանձնախումբերուն մէջ յիշեալ ընտանիքները հաւասար չափով ու յաջորդաբար կը մասնակցին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2022, 07:00