Որոնել

Հռոմի Սուրբ Բարթողոմէոսի տաճար Հռոմի Սուրբ Բարթողոմէոսի տաճար 

Հռոմի Սուրբ Բարթողոմէոս տաճարէն ներս կը զետեղուին Հարաւային Սուտանի մէջ սպաննուած երկու մայրապետներու մասունքները։

Անոնք Հարաւային Սուտանի մէջ սպաննուեցան փոխադրակառքի վրայ յարձակումի մը ընթացքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 23 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7,45ին, Հռոմի Սուրբ Բարթողմէսո անուան տաճարի մէջ կայացած հոգեւոր արարողութեան մը ընթացքին,  Ափրիկէի նոր մարտիրոսներու խորանին վրայ պիտի զետեղուին 2021-ի 16 օգոստոսին Հարաւային Սուտանի մէջ սպաննուած քոյր Ռէճինա եւ քոյր Մարիին մասունքները։

Յայտնենք թէ երկու կրօնաւորուհիները, որոնք կը պատկանին Sacred Heart Sisters միաբանութեան, սպաննուեցան սուրբ Պատարագի արարողութենէն ետք տուն վերադարձին զիրենք փոխադրող հանրակառքին վրայ յարձակումի ընթացքին։

Մասունքներուն զետեղման հոգեւոր արարողութեան կը նախագահէ Մարդկային Համապարփակ Զարգացման ծառայութեան քահանայապետական ժողովին կառավարիչ Կարդինալ Չեռնի։

Արարողութեան ընթացքին իրենց սրտին խօսքը կը փոխանցեն սպաննուած մայրապետներու երկու միաբանակիցներ, որոնք կը գործեն հարաւային Սուտանի մէջ կրթական մարզէն ներս։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2022, 12:25