Որոնել

Կրկնակի տօն Պիքֆայայի Տիրամայր Ողուզի եկեղեցւոյ մէջ Կրկնակի տօն Պիքֆայայի Տիրամայր Ողուզի եկեղեցւոյ մէջ 

Կրկնակի տօն Պիքֆայայի Տիրամայր Ողուզի եկեղեցւոյ մէջ

Եկեղեցւոյ Աւագ դրան օրհնութեան եւ օծման կարգէն ետք, Հոգեւոր Տէրը օրհնեց նաեւ վերանորոգուած եկեղեցւոյ Խորանի Ս. Սեղանը։
Ունկնդրէ լուրը

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Պիքֆայայի Մխիթարեան դպրեվանքի Տիրամայր Ողկոյզի եկեղեցւոյ մէջ, Աստուածամօր նուիրուած ամսուան մեկնարկը նախանշուեցաւ կրկնակի տօնախմբութեամբ, երբ Աշխարհամատրան տօնին եւ եկեղեցւոյ օրհնութեան եւ օծման կարգի ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ Հայր Կորիւն Վրդ. Ճէնանեանի անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցումով, որուն առթիւ վերանորոգուած էր եկեղեցւոյ մատուռը։

Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր Գերյարգելի Հայր Մեսրոպ Թ.Ծ.Վ. Սիւլահեան, Յիսուսեան գերապատիւ վարդապետներ, Արժ. Տ. Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Տիրամայր Ողկոյզի եկեղեցւոյ «Մխիթարեան» երգչախումբը։
Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան՝ Վահագն Աթաբէկեան եւ հիւպատոս՝ Լէոնարտ Ապաճեան, եկեղեցւոյ բարեզարդման մեկենասներ՝ երեսփոխան զօրավար Ժան Թալուզեան եւ Արմէն Ասֆահանի, հայ կաթողիկէ չորս վարժարաններու տնօրէնները, որոնց շարքին Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհիները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը։

Եկեղեցւոյ Աւագ դրան օրհնութեան եւ օծման կարգէն ետք, Հոգեւոր Տէրը օրհնեց նաեւ վերանորոգուած եկեղեցւոյ Խորանի Ս. Սեղանը։

Պաշտօնական օծումէն ետք, Սեպտեմբեր 8-ին Վենետիկի Ս. Ղազար Մխիթարեան կղզիին մէջ, Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ՝ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանի ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուած Հ. Կորիւն վրդ. Ճէնանեան իր անդրանիկ օրհնութիւնը բաշխեց եւ առաջին Ս. պատարագը մատուցեց Պիքֆայայի Տիրամայր Ողկոյզի եկեղեցւոյ մէջ, սարկաւագութեամբ Եղբ. Յարութ Հարպոյեանի եւ Հրանդ Հրանդեանի։

Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին Պիքֆայայի Մխիթարեան Միաբանութեան դպրեվանքի սաները։ Նորօծ վարդապետը իր առաջին քարոզին մէջ գոհութիւն եւ փառաբանութիւն ուղղեց Տիրոջ, որ զինք արժանի ըրաւ Ս. Խորանին ծառայելու եւ խորհուրդները մատակարարելու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին եւ իրենց բարի ազդեցութիւնը ունեցան աստուածահաճոյ իր ուղիի նշման:

Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց մեկենասներուն եւ եկեղեցւոյ բարեզարդման նիւթական օժանդակութեամբ նպաստած Սինթիա Թաւուքճեանին, նաեւ շինարարական աշխատանքներով՝ Էլի Հաշեմին, Ռոժէ Խալիլին, Միրա Հաշէմին եւ Անտրէ Թաւուքճեանին։

Հայր Կորիւն
Հայր Կորիւն

Յաւարտ Ս. Պատարագին, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ Հայր Կորիւն ընդունեցաւ ներկաներուն շնորհաւորանքները: Այս առթիւ, յիշատակելու համար Հայր Կորիւնի անդրանիկ Ս. Պատարագը, պատրաստուած եւ վերահրատարակուած էր Սրբուհի Ռիթայի կեանքին եւ հրաշքներուն նուիրուած գրքոյկը, զոր բաշխուեցաւ հաւատացեալներուն։
 

Քաղուած Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանին կայքէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2022, 08:00