Որոնել

Յիսուս լոյսն է որ կը լուսաւորէ աշխարհը Յիսուս լոյսն է որ կը լուսաւորէ աշխարհը 

Նոր Կիրակի (Յովհ. Ա. 1- 7) Աստուծոյ Խօսքը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր միջեւ

Այսօր նաեւ կ'ոգեկոչենք մեր բիւրաւոր նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին, հաւատարիմ մնալու համար իրենց հաւատքին: Անոնք Յովհաննէսի այս վկայութիւնը իրենց սրտին մէջ դրոշմած էին եւ հաստատօրէն կը հաւատային Յիսուսի Քրիստոսի աստուածութեան եւ աշխարհ բերած փրկութեան:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Աստուծոյ խօսքը, որ ի յաւիտենից գոյութիւն ունի եւ կը գործէ Աստուծոյ հետ միատեղ, աշխարհի բոլոր հրաշալիքներն ստեղծելով, ահա աստուածային մէկ բացառիկ  կարգադրութեամբ մը` մարմին կ՛առնէ. Ստեղծողը կ՛ըլլայ ստեղծուած, Աստուծոյ Որդին կ՛ըլլայ նաեւ մարդու որդի։ Մեծ է այս խորհուրդը, եւ աւելի մեծ է անոր տարողութիւնը մարդկութեան պատմութեան վրայ։ Անով է որ մարդ արարածը ամբողջովին կը կերպարանափոխուի եւ կը դառնայ գրեթէ աստուածակերպ էակ մը։

Աստուծոյ մարդացած խօսքին կեանքն ու պատմութիւնը աւետարաններու մէջ գրուած են. Այս սքանչելի հրաշքը որ է Աստուծոյ մը ապրած մարդկային կեանքը աշխարհի վրայ, կը գերազանցէ ամէն տեսակ դիցաբանութիւն եւ կամ առասպել. Ան ճշմարիտ ու անհերքելի իրականութիւն է, որով Աստուած ներկայ կ՛ըլլայ իր իսկ ստեղծած մարդոց միջեւ, անոնց նման ըլլալով ամբողջովին, բացի մեղքէն։

Յովհաննէս Մկրտիչ կը վկայէ անոր մասին, իսկ Յովհաննէս աւետարանիչ` աւելի եւս մեծ վկայութիւն մը կու տայ, անձին մասին զոր իր աչքերով տեսաւ, իբրեւ առաքեալ Քրիստոսի. ան իր հաւատքի աչքերով` ըմբռնեց անոր մեծութիւնը, անոր աստուա-ծութիւնը, անոր գերազանցութիւնը ամէն բանէ վեր եւ ամէնուն որպէս փրկիչ։

Ինչ որ մեզ կը զարմացնէ Յովհաննէսի մօտ այն հանդարտ ու հանգիստ ըմբռնումն է աստուածային խորհուրդին։ Միւս աւետարանիչները, իրենց պատմած հրաշքներով` կ'ուզեն փաստել թէ Յիսուս իսկապէս Աստուծոյ Որդի է, ուղարկուած Հօրմէն աշխարհը փրկելու համար. Իսկ Յովհաննէս` ի սկզբանէ, աւետարանի սկիզբէն, մարդկային պատմութեան սկիզբէն, ստեղծագործութեան առաջին մէկ վայրկեանէն արդէն կը տեսնէ Որդւոյն նեկայութիւնը եւ ստեղծագործ ներդրումը` Հօր կողքին։

Հաւատամքին մէջ կ'ըսենք` համագոյակից Հօր. Յովհաննէս զինք կ'որակէ նաեւ որպէս համաստեղծիչ։ Սուր միտք մը անմիջապէս կ'անդրադառնայ թէ Յովհաննէսի աւետարանի առաջին բառերը նոյնն են ինչ որ Հին Կտակարանի առաջին գրքի` Ծննդոց գրքին բառերը. Ի սկզբանէ...

Այս խօսքերով` Նոր Կտակարանը անքակտելիօրէն կը զօդուի Հինին հետ։ Նոյն Աստուածն է որ կը խօսի մեզի, հաւատացեալներուս. Նոյն հաւատքն է որ կը շարունակուի Աստուծոյ փրկչագործ ծրագրին ընդմէջէն։

Եւ մենք այսօր, որպէս շառաւիղներ սուրբ առաքեալներուն, կը շարունակենք նոյն խորհուրդին մէջ քալել, հաւատալով, առանց հասկնալու, յուսալով առանց վհատելու, շարունակելով նոյն աւանդութիւնը առանց խախտում կատարելու։

Այսօր նաեւ կ'ոգեկոչենք մեր բիւրաւոր նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին, հաւատարիմ մնալու համար իրենց հաւատքին: Անոնք Յովհաննէսի այս վկայութիւնը իրենց սրտին մէջ դրոշմած էին եւ հաստատօրէն կը հաւատային Յիսուսի Քրիստոսի աստուածութեան եւ աշխարհ բերած փրկութեան:

Ան լոյսն է որ կը լուսաւորէ աշխարհ եկած ամէն արարած. լուսաւոր շող մըն է ան  որ կ'առաջնորդէ մեզ դէպի երկնային օթեւանները։ Մենք կարող ենք հետեւիլ այս լոյսին, ինչպէս նաեւ կարող ենք անտեսել զայն եւ քալել խաւարի մէջ։ Մեր դիրքորոշումն է որ  մեզ պիտի դասէ Քրիստոսի հետ, արդարներուն մէջ, յաւիտեանս. Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2022, 08:00