Որոնել

1.jpg

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 107 ամեակին նուիրուած սուրբ պատարագ եւ աղօթք

«Եթէ ունինք ընդհանուր անցեալ՝ յաճախ միեւնոյն ոճրագործին ձեռքով սպաննուած նախնիներ, ապա՝ պարտինք իրարու հետ համերաշխաբար ապրիլ՝ կերտելու համար մեր զաւակներուն լուսաւոր ապագան՝ մայրիներուն այս սուրբ Գրային երկրին մէջ՝ Լիբանանին միշտ երախտապարտ ու հաւատարիմ մնալով»
Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ քարոզը

Կիրակի, Ապրիլ 24-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժէիթաուիի «Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի ընդարձակ շրջափակը վերածուած էր բացօթեայ եկեղեցւոյ՝ ընդունելու համար 1915-ին Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած հայասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակին առջեւ խոնարհելու եկած խուռներամ ժողովուրդը։

Պատարագին սկիզբը՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. իր շքախումբով, Պատրիարքարանէն հետիոտն ուղղուեցաւ «Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի շրջափակ, Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ուր համախմբուած էին լիբանանահայութեան բոլոր խաւերուն ու շրջանակներուն ներկայացուցիչները։

Ap24-1

Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ս. Պատարագը նախագահեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը՝ զինք շրջապատող հոգեւորականներու դասուն հետ, առընթերակայութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի եւ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Արքեպս. Խազումեանի, ինչպէս նաեւ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Մնոյեանի եւ Արժանապատիւ Տ. Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեանի։ Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին Զմմառու «Արծիւեան» Միաբանութեան Սուրբ Միքայէլ եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան նորընծայարաններու ժառանգաւորները։

Ap24-7

Ap24-8

Սուրբ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու  Միութեան նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, Սիրիաք Կաթողիկէ Պատրիարք Իկնաթիոս Եուսէֆ Եունան, Յոյն-Մելքիթ Կաթողիկէ Պէյրութի Առաջնորդ Ժորժ Եպս. Պաք’ունի, Սիրիաք Կաթողիկէ Պէյրութի Առաջնորդ Շարլ Եպս. Մրատ, Լատիններու համայնքապետ Սեզար Եպս. Էսայեան եւ NDU համալսարանի նախագահ Հայր Պշարա Խուրի, ինչպէս նաեւ գերապատիւ վարդապետներ, առաքինազարդ քոյրեր։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի։

Ap24-10

Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան, երեսփոխաններ Ժան Թալուզեան, Յակոբ Բագրատունեան, Ալեքսանտր Մաթոսեան, Յակոբ Թէրզեան, Էտի Մաալուֆ, նախկին նախարարներ Ռեշար Գույումճեան եւ Վարդենի Օհանեան, «Ազգային Ազատ Հոսանք»ի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ Ղասսան Խուրի, Պէյրութի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Արամ Մալեան, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչ Ալեք Մուրատեան, Լիբանանի Պետական Ապահովական Մարմնի ներկայացուցիչ գնդապետ՝ Սարգիս Գարակէօզեան, դատախազ Ռոտնի Տագէսեան, թաղապետներ, պետական պաշտօնատարներ, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, կրթական մշակներ, մամուլի աշխատակիցներ, հայ կաթողիկէ չորս վարժարաններու՝ Սբ. Խաչ-Հարպոյեան, Մեսրոպեան, Հռիփսիմեանց եւ Մխիթարեան վարժարաններու աշակերտական պատուիրակութիւններ, Հ.Կ.Մ.ի պատանեկան Միութիւնը եւ Սբ. Մեսրոպի Արիներ սկաուտախումբը, համայնքային միութիւններու ներկայացուցիչներ, հաւատացեալ հայորդիներ։

Ap24-6-6

Ap24-66 Ap24-6

Պատարագը ուղիղ սփռուեցան Tele Lumiere-էն, MTV-էն, LBC-էն եւ OTV-էն։

Պատարագի ընթացքին Հոգեւոր Տէրը աղօթեց անմեղ նահատակներուն հոգիներուն եւ Հայկական դատի արդար հատուցման համար։ Իր պատգամին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ.

Ap24-5

«Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան նոր Կիրակին հաւաքուած ենք մեր սրբազան պարտքը կատարելու Ապրիլեան Նահատակներուն խնկելի յիշատակին։

Անցեալին՝ 1895-1897 եւ 1908-1909 տարեթիւերուն հայկական կոտորածները իրենց ողբերգական գագաթնակէտին հասան 1915 թուականին։

Նախապէս ծրագրուած, կազմակերպուած եւ գործադրուած ջարդերը, զորոնք աշխարհը դեռ չէր տեսած, նպատակ ունէին ոչնչացնելու ողջ ժողովուրդ մը։ Եւ ոչ միայն անոր ֆիզիքական գոյութեան վերացումն էր եւ ի սպառ բնաջնջումը, այլ նաեւ ոճիր էր Աստուծոյ ու մարդկութեան դէմ:

Այս պատմական իրողութեան վկան է Ամենակալին անունով օծուած հազարաւոր եկեղեցիներու եւ վանքերու կործանումը, հայուն ստեղծած կրթութեան, մշակոյթին ու գիտութեան կաճառներու աւերումը, ինչպէս նաեւ զանգուածային եւ ամբողջական վերացումն հայ ազգին՝ նպատակ ունենալով «մէկ հայ թողուլ, եւ այն՝ թանգարանին մէջ»…։

Այս ոճիրէն 29 տարիներ անց միայն, 1944-ին, մարդկային միտքը ի զօրու եղաւ մէկ բառով կոչել այդ ահաւոր յանցագործութիւնը՝ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»։

Սակայն, ո՛չ մարդկային միտքը եւ ո՛չ իսկ նորաստեղծ բառը տակաւին ոչ միայն ի զօրու չեղան արտայայտելու այդ դժոխային չարիքին տարողութիւնն ու հետեւանքը, այլ նաեւ կարող չեղան կանխարգիլելու հետագային գործուած ցեղասպանութիւնները, որովհետեւ հարկ եղած կարեւորութիւնը չտրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան լիարժէք, իրաւացի եւ արդար դատին։

Արդ, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս տառապալից իրականութեան դիմաց՝ ի՞նչ լեզուով կրնամ արտայայտուիլ, երբ ես, որբի՛ զաւակ, կորած Սուրիոյ անապատին մէջ, «մանկութիւն չունեցող»-ներէն մին եղած եմ…:

Կամ՝ ի՞նչ ոգիով արտայայտուիմ, երբ իմ ծնողքս չվայելեց ծնողական սէրն ու գուրգուրանքը, ես ալ չունեցայ մեծ հայր եւ մայր՝ այսպէս զրկուելով գերդաստանի մը մէջ մեծնալու երջանկութենէն…։

 «Եթէ աշխարհը ձեզ ատէ, գիտցէ՛ք, որ զիս նախ ատեց: Եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ կը հալածեն» (Յովհ. 15,18 և 20):

Աստուածորդիին խօսքերը մեր նախնիները ապրեցան, ինչպէս նաեւ իրենց Կրօնին եւ Ազգին անսասան հաւատարմութեամբ՝ անոնք նահատակուեցան՝ իրենց ետին ձգելով անշիրիմ գերեզմաններ եւ անթաղ մասունքներ, որոնք «երէկ, այսօր, վաղը եւ միշտ» կը մնան խօսուն վկաները մարդկային խղճի, մտքի ու արդարութեան։

Այսօր, մենք, իբրեւ անոնց հետեւորդները, միայն տարեկան ցոյցերով եւ ոգեկոչումներով չէ որ պիտի ապրինք, այլ նաեւ պիտի ունենանք համընդհանուր ուղեգիծ մը, որուն ողնաշարը պիտի ըլլան միասնականութիւնը, համերաշխութիւնն ու մեր նախնիներուն հաւատքը՝ Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մէջ իրարու շղթայուած անքակտելիօրէն:

Ցեղասպան ոճրագործը, կարծեց, մարմինը սպաննելով ու անապատի կիզիչ արեւին տակ եւ աւազին մէջ թաղելով՝ կը հասնէր իր նենգ նպատակին, սակայն ան ձախողեցաւ մեր չընկրկող գոյութեամբ ու բեղուն ներկայութեամբ՝ միշտ ամրապնդուած մեր կրօնական, բարոյական եւ համազգային արժէքներով։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, նայեցէ՛ք ձեր շուրջը, այստեղ հաւաքուածներս, սկսեալ ինձմէ, ցեղասպանին կատարած ոճիրները վերապրած որբերու զաւակներն ենք՝ հայ, ասորի, քաղդէացի, յոյն, լիբանանցի, որ ունինք Տիրոջ չարչարանքին բաժնեկից նախնիներ։

Ուրեմն, եթէ ունինք ընդհանուր անցեալ՝ յաճախ միեւնոյն ոճրագործին ձեռքով սպաննուած նախնիներ, ապա՝ պարտինք իրարու հետ համերաշխաբար ապրիլ՝ կերտելու համար մեր զաւակներուն լուսաւոր ապագան՝ մայրիներուն այս սուրբ Գրային երկրին մէջ՝ Լիբանանին միշտ երախտապարտ ու հաւատարիմ մնալով:

Սիրելիներ, այստեղ մեր ներկայութիւնը կը փաստէ մեր պատրաստակամութիւնը ներելու անոր, որ մեզ չարչարեց, բռնաբարեց, սպաննեց ու կերակրեց ծնողներու միսը իրենց զաւակներուն… սակայն պահելով միշտ մեր իրաւունքներու արդարացի պահանջը։

Հոս, այս նուիրական պահուն, ականջիս կը հասնի Արարիչին յանդիմանող ձայնը. «Կայէ՛ն, քու եղբօրդ արիւնին ձայնը երկրէն ինծի կը բողոքէ» (Ծն․ 4,10), խնդրելով արդարութիւնն ու հատուցումը…։

Ցեղասպանին այս անմոռանալի ոճիրը անբեկանելիօրէն արձանագրուած է մարդկութեան տարեգրութեան մէջ՝ իր բոլոր ահասարսուռ պատկերներով, որոնք մշտապէս պիտի վկայեն ու պիտի շարունակեն վկայել գալիք դարերուն եւ սերունդներուն։

Արդ, ի՛նչ է մեր պահանջքը 107 տարիներ անց… եթէ ո՛չ՝ անդադրում խնդրել եւ պահանջել գերագոյն իշխանութիւններէն եւ մարդկային իրաւունքի պաշտպանութեան գրասենեակներէն՝ արդարութիւնը, հատուցումը մեր իրաւունքներուն, որովհետեւ, ընդհանրապէս, ցեղասպանութիւնները, եւ, յատկապէս, 1915-ի Հայասպանութիւնը՝ սատանայական գործեր են, իսկ մարդկայնականութիւնն ու խաղաղութիւնը, որոնց անունները շռայլօրէն կը հռչակեն, տակաւին կը մնան ամուլ եւ ապարդիւն…:

Լսեցի ձեզ երէկ գիշեր ինչպէս նաեւ այս առաւօտ։

Հետեւեցայ երիտասարդ դեռատի եւ փոքրիկ երեխաներու առոյգ քայլուածքներուն ու սրտի խոր յուզմունքով ես ինծի ըսի․ «Ու՞ր ես անիրաւ դահիճը հայուն։ Ու՞ր ես անողորմ թշնամի հայոց։ Տե՛ս որդիները քու զոհերուն, դիտէ՛ փայլքը մեր երիտասարդներուն։

Անգութ եւ սատանաբնակ թշնամի, երէկուան հայու բնաջնջումի ոճիրդ, այսօր ծաղկած ժողովուրդ է, որ կը գրաւէ գիտական եւ մարդասիրական բարձրագոյն ամպիոնները։

Այսօր, հակառակ իր ցաւին ու տառապանքին՝ կը շինէ սիրոյ, միասնութեան եւ խաղաղութեան կամուրջներ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։

Քիչ ենք թիւով բայց հզօր ենք կամքով ու կարողութեամբ։ Սիրասուն հայորդիներ, ապրի՛ք միշտ այսօրուան նման՝ առոյգ, քաջ եւ միասնական։ Երէկուան մեր պատուհասը թող ըլլայ մեր ներկայի եւ ապագայի անդրդուելի ուժը մեր էութեան, գոյութեան եւ ամուր ապագային։

Ջարդուեցանք անցեալին, յաղթելու ենք միշտ, յիշեցէ՛ք Վահան Տերեանի տողերը․

«Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի, արջի ցեղերին,

Մեր երկիրը աւերուած, բայց սուրբ է եւ հին»

Այս տողերը մտային սլացք մը չէր լոկ, երազային, այլ պատմութիւն, ապրում եւ իրականութիւն։

Ուստի, օ՛ն հայրեր, երիտասարդներ ու տարեցներ, օ՛ն յառաջ, միասնաբար, համագործակցաբար, ունենալով մեր դրօշը որպէս կերպար սիրոյ եւ միութեան։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մինչ կը հայցենք բարեխօսութիւնը մեր սուրբ նահատակներուն, ինչպէս անոնք չարչարակիցներ հանդիսացան մեր Փրկչին ու մեր Տիրոջ, մենք եւս, մեր աստուածասէր ու մարդասէր ապրելակերպով՝ դառնա՛նք մասնակիցները Խաչեալին հրաշափառ յարութեան: Ամէն»:

Ap24-9

Պատարագի աւարտին, Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ հանդիսաւոր թափօրով ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ նահատակներուն նուիրուած աղօթք, որուն՝ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի, Պատրիարք Եունան եւ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան։

Ap24-12

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած սոյն ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

 

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կայքէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2022, 08:11