Որոնել

Doc1_page-0001-1.jpg

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի շնորհաւորագիրը` նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին

համայն աշխարհի մէջ տիրող լարուած իրավիճակը մեզ կը պարտադրէ անվերապահ կերպով համախմբուիլ ի շահ Հայոց պետականութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան:

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Անցեալ Կիրակի օր, 13 մարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին ՀՀ նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը երդումով ստանձնեց Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը:

Այս առթիւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը շնորհաւորագիր մը ուղղեց նորընտիր նախագահին, որուն սկիզբը «ջերմագին ողջոյններ» փոխանցելով ապահովեցուց` «աղօթական եւ գործունեայ աջակցութիւն Մայր Հայրենիքին»։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր եւ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց դասին անունով շնորհաւորելէ ետք Նախագահին ընտրութիւնը հաստատեց որ «համայն աշխարհի մէջ տիրող լարուած իրավիճակը մեզ կը պարտադրէ անվերապահ կերպով համախմբուիլ ի շահ Հայոց պետականութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան», այս ուղղութեամբ հաւաստիացնելով «աջակցութեան» պատրաստակամութիւնը։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը գիրը աւարտեց նորընտիր Նախագահին, անոր ընտանիքին ու համայն հայրենիքին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները եւ Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութիւնը, մաղթելով Աստուածատուր խաղաղութիւն եւ սէր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2022, 11:31