Որոնել

WhatsApp-Image-2022-03-14-at-14.59.07-copy--rsz.jpeg

Լիբանանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Տիկ. Տորոթի Շիա այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ին

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու Լիբանանի ներքին քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու շուրջ որուն մասին անոնք ունեցան տեսակէտներու փոխանակում քննարկելով Լիբանանի ընկերատնտեսական տագնապի լուծման համար տարբեր հեռանկարները։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Երկուշաբթի, 14 Մարտ 2022-ին, Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանուհի Տորոթի Քամիլ Շիա այցելութիւն տուաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան հանդիպում ունենալով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերեջ. Տէր Ռաֆայէլ Պետրոսի ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու Լիբանանի ներքին քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու շուրջ: Անոնք ունեցան տեսակէտներու փոխանակում ակնարկելով Լիբանանի ընկերատնտեսական տագնապի լուծման։

Հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու նկարագիրի մասին, որ եղած է միշտ կարօտեալ ազգերու նպաստող երկիր։ Ան քաջալերեց որ Ան շարունակէ այս տեսլականը նպաստելով նաեւ յաջորդ սերունդներուն բարօրութեան։

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին` համաձայն գտնուելով, որ անհրաժեշտ է դիմել բոլոր միջոցներուն, հաստատելու համար խաղաղութիւնը յարգելով ազգերուն եւ անհատներուն իրաւունքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2022, 10:02